ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թեհրանի մէջ, Ասթանայի ձեւաչափով գագաթնաժողովի ծիրին մէջ, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ հանդիպման ընթացքին Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փուտին, այլ հարցերու կողքին, խօսեցաւ նաեւ Արցախի տագնապի կարգաւորման մասին:
«Անշուշտ, մեր տեսադաշտին մէջ է նաեւ այլ կարեւոր հարց մը` ղարաբաղեան հարցի կարգաւորումը: Վերջերս Կասպից համաժողովի ծիրին մէջ, հանդիպում ունեցայ Ատրպէյճանի նախագահին հետ», ըսաւ Փութին։
Ան դիտել տուաւ, որ Մոսկուայի եւ Անգարայի յարաբերութիւնները, անկախ ամէն ինչէ, կը զարգանան, ապրաքններու շրջանառութիւնը կ՛աճի, ընդ որում` շատ զգալի թափով:
Փութին նաեւ ընդգծեց, թէ ուրախ է, որ Ասթանայի եռեակի գագաթնաժողովի ծիրին մէջ կարելի եղաւ իր եւ Էրտողանի միջեւ երկկողմ հանդիպում մը կազմակերպել, որովհետեւ հարցերը շատ են:
Կողմերը քննարկեցին նաեւ սուրիական հարցը, ինչպէս նաեւ երկկողմանի մեծ նախագիծերու իրականացումը: