ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ազգային ժողովի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Էդուարդ Աղաջանեան յայտարարեց, որ Անգարայի յայտարարութիւնը նախապայման չի նկատուիր։
«Կարծում եմ` ձեր նշած յայտարարութիւնը, այնուամենայնիւ, նախապայման չէր: Թուրքիան, ըստ էութեան, մշտապէս այս դիրքորոշմամբ է հանդէս եկել, որը, բնականաբար, մեզ համար երբեւէ ընդունելի չի եղել», ըսաւ ան՝ անդրադառնալով Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւթ Չաւուշօղլուի յայտարարութեան. վերջինս 21 Յուլիսին ըսած էր, որ Անգարա յայտարարութիւններէն բացի յստակ քայլեր կ՛ակնկալէ Երեւանէն` երկու յստակ նախապայման ճշդելով, իսկ այդ երկուքն ալ կապ ունին հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններուն հետ։
Հայաստանի դիրքորոշումը չէ փոխուած, շեշտեց Աղաջանեան՝ աւելցնելով. «Հայկական կողմը մշտապէս արձանագրել է, որ կայ նման խնդիր, արձանագրել է, որ Թուրքիայի, յաճախ թուրքական յայտարարութիւնների եւ գործողութիւնների մէջ, ցաւօք, կայ բաժանում, եւ իհարկէ, մեր խնդիրներից է այդ թւում ամէն ինչ անել, որպէսզի այդ տարանջատումը չլինի կամ առնուազն լինի նուազագոյնը: Այո՛, ես արձանագրում եմ, որ հայկական կողմի դիրքորոշումը չի փոխուել, եւ որեւէ նախապայման այս գործընթացում անընդունելի է»:
Յայտնենք, որ Չաւուշօղլու նշած էր, թէ Հայաստան պէտք է քայլերու ձեռնարկէ այսպէս կոչուած`«Զանգեզուրի միջանցք»ի բացման եւ Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմանագիրի հարցին մէջ: