ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Տարածաշրջանային այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Եւրոպական խորհրդարանի արտաքին հարցերու կոմիտէի նախագահ Տէյվիտ Մքալիսթըրի գլխաւորած պատուիրակութիւնը հանդիպումներ ունեցաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանի, Ազգային ժողովի փոխխօսնակին եւ արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահին հետ:
Մքալիսթըր հանդիպում ունեցաւ նաեւ Ազգային ժողովին մէջ ներկայացուած երեք քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ:
Քննարկումի առարկայ դարձան տարածաշրջանային հարցերը, մասնաւորապէս` տարածաշրջանային զարգացումները յետ-պատերազմեան ժամանակաշրջանին` հայ-ատրպէյճանական եւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու պարունակին մէջ, այդ գործընթացներուն զուգորդող հարցերը եւ անոնց հաւանական լուծումները: Արձանագրուեցաւ նաեւ Եւրոպական խորհրդարանի դրական գործունէութիւնը եւ ազդեցութիւնը նշեալ գործընթացներուն վրայ, մասնաւորապէս նշուեցան եւ լուսարձակի տակ առնուեցան յստակ յայտարարութիւններ եւ բանաձեւեր, որոնք կը վերաբերին Արցախի մէջ հայկական մշակութային ժառանգութեան եւ ռազմագերիներուն վերաբերեալ Եւրոպական խորհրդարանին յայտարարութեան։
Հայկական կողմը արձանագրեց այդ բոլորը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց իր պաշտօնակիցներուն այս սկզբունքային եւ առարկայական դիրքորոշումին համար։
Փաշինեանի հետ հանդիպումին ընթացքին զրուցակիցները անդրադարձան Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցող գործընթացներուն, Արցախի իրավիճակին, տարածաշրջանային ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատման կարելիութիւններուն:
Փաշինեան մանրամասն կերպով ներկայացուց հայկական կողմի դիրքորոշումները վերոնշեալ ուղղութեամբ եւ պատասխանեց ԵԽ պատուիրակութեան հարցումներուն:
Զրուցակիցները կարեւոր նկատեցին շրջանային խաղաղութեան եւ կայունութեան ապահովումը եւ այդ ուղղութեամբ երկխօսութեան շարունակականութիւնը:
Փաշինեան անդրադարձաւ նաեւ մինչեւ օրս Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներու հարցին, որուն գծով Մքալիսթըր հաստատեց, որ Եւրոպական խորհրդարանը եւս կարեւոր կը նկատէ Ատրպէյճանի կողմէ անոնց վերադարձի ապահովումը եւ պիտի շարունակէ ջանք թափել այս նպատակով։
Քննարկուեցան նաեւ ատրպէյճանական վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներուն մէջ հայկական մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան վերաբերող հարցեր: Փաշինեան եւ Մքալիսթըր շեշտեցին Արցախի հակամարտութեան գօտի ԵՈՒՆԵՍՔՕի առաքելութեան մուտքի ապահովման անհրաժեշտութիւնը եւ այդ նպատակով հետեւողական աշխատանք տանիլը: