ԵՐԵՒԱՆ.- Մէկ շաբթուան լռութենէ ետք, վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը, պատասխանելով «Արմէնփրէս»ի հարցումին` պարզաբանեց, թէ ի՛նչ հիման վրայ 13 Յուլիսին արգիլած են Ֆրանսայի Հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի (CCAF) նախագահ եւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեանի մուտքը Հայաստանի Հանրապետութիւն:
Պարզաբանման մէջ կ՛ըսուի հետեւեալը. «Տուեալ անձը հանդիսանում է նախորդ տարուայ Յունիսի 1ին Ֆրանսիայում Հայաստանի դեսպանութեան մօտ վարչապետի գլխաւորած կառավարական պատուիրակութեան` Հայաստանի պետական դրօշակիր աւտոշարասեան դէմ յարձակում կազմակերպած անձանցից մէկը: Աւտոշարասեան ուղղութեամբ նետուել են տարբեր իրեր, առարկաներ: Վարչապետի Հայաստանի պետական դրօշակիր աւտոմեքենան ենթարկուել է յարձակման եւ ստեղծուած իրավիճակը յաղթահարուել է միայն ֆրանսիական ոստիկանութեան եւ անվտանգութեան ուժերի ջանքերի արդիւնքում»։
Սակայն, «Նիուզ»ի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին Մուրատ Փափազեան ըսաւ, որ Հայաստանի կառավարութեան տուած տուեալները անճիշդ եւ սուտ են, չեն համապատասխաներ իրականութեան՝ աւելցնելով, որ ինք ներկայ չէ եղած այդ ցոյցին, որուն մասին կը նշուի յայտարարութեան մէջ։
«Պարզապէս պատրուակ կը փնտռեն, որովհետեւ օր մը առաջ Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը յայտարարեց, որ չեն կրնար նշել պատճառները, թէ ինչո՛ւ արգիլած են մուտքս Հայաստան, որովհետեւ այդ պատճառները կը վերաբերէին իմ անձնական կեանքիսն, իսկ այսօր վարչապետի աշխատակազմը ուրիշ տարբերակ կը հրամցնէ ժողովուրդին, իբր թէ ես մասնակցած եմ, կազմակերպած եմ Փարիզի մէջ 1 Յունիս 2021ի ցոյցը:
«Ատիկա սխալ է, թող փաստեր բերեն, եթէ ունին: Ես չեմ ընդունիր, որ այսպէս իշխանութիւնները աղաւաղեն իրականութիւնը եւ ամէն օր սուտ խօսին: Ալ կը բաւէ», ըսաւ ան՝ աւելցնելով, որ այսօր պէտք է արթննայ եւ հասկնայ, որ այս իշխանութիւնները կը տկարացնեն հայկական աշխարհը: Տկարացնելով Սփիւռքը՝ կը տկարացնեն Հայաստանը եւ հակառակը, վերջապէս՝ ի նպաստ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ:
«Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Փափազեան հաստատեց իր մուտքի արգելքի ետին միայն եւ միայն քաղաքական պատճառներ կան, այլապէս ինչո՞ւ աւելի կանուխ չեն արգիլած իր Հայաստան մուտքը, մանաւանդ որ այդ ցոյցէն ետք առնուազն 4 անգամ Երեւան եկած է, վերջին անգամ՝ այս գարնան: Ան հարց տուաւ, թէ ինչո՛ւ Յունիս 2021էն մինչեւ 13 Յուլիս 2022 չարգիլեցին իր մուտքը, ինչո՞ւ չհարցաքննեցին։
Փափազեան կը պատրաստուի հնարաւոր միջոցներով վերականգնել Հայաստան մուտք գործելու իր իրաւունքը, թէ ինչ քայլերու պիտի ձեռնարկէ՝ տակաւին յստակ չէ, կը գրէ «Ազատութիւն»ը։