ԵՐԵՒԱՆ.- Հայութեան «կամաւոր բանակ»ը՝ ՀՄԸՄը, Ուրբաթ, 22 Յուլիսին, Երեւանի մէջ արժանավայել շուքով կատարեց իր մարզախաղերուն բացումը, անգամ մը եւս փաստը տալով, որ որքան ալ դժուար եւ ծանր պայմաններ դիմագրաւեն մեր ժողովուրդը եւ հայրենիքը, ՀՄԸՄը կը մնայ այն երիտասարդ ու կենսունակ միութիւնը, որ գիտէ յոյս, խանդավառութիւն եւ աւելի լաւ ապագայ ներշնչել բոլորին։
104ամեայ այս միութիւնը չի ծերանար, յոգնութիւն չի ճանչնար եւ կը շարունակէ իր հիմնադիրներու ուղին՝ հաւատարիմ մնալով տեւաբար բարձրանալու եւ զինք ծնող ժողովուրդն ալ իրեն հետ բարձրացնելու առաւել քան մէկ դարեայ նշանաբանին։
Հայ մարդը երէկ արդար հպարտութեամբ եւ գոհունակութեամբ հետեւեցաւ համաՀՄԸՄական 11րդ մարզախաղերու բացման հանդիսութեան, որ ընթացք առաւ երեկոյեան ժամը 6ին, Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ մարզախաղերու ջահին բոցավառումով։ Ապա, փոխանցավազքով, եօթը ՀՄԸՄականներ՝ Նարպէյ Բժշկեան (Արեւմտեան ՄՆ), Ճոն Շեդիակ (Ֆրանսա), Ալեքս Պետիկեան (Գանատա), Լէա Պուտագեան (Լիբանան), Մայքըլ Պալթայեան (Արեւելեան ՄՆ), Գարոլին Պօղոսեան (Աւստրալիա) եւ Միրելլա Չափարեան (Սուրիա) փոխն ի փոխ վազքով ջահը Ծիծեռնակաբերդէն հասցուցին Ազատութեան հրապարակը, ուր երեկոյեան ժամը 7։30ին տեղի ունեցաւ բացման պաշտօնական հանդիսութիւնը։
Նախքան հանդիսութիւնը, մարզախաղերուն մասնակիցող պատուիրակութիւններու 645 մարզիկ-մարզիկուհիները Մաշտոցի անուան Մատենադարանի առջեւէն շքերթով մը ուղղուեցան բացման հանդիսավայրը՝ Ազատութեան հրապարակը։ Շքերթը առաջնորդեց ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի սկաուտական շքախումբը։ Հրապարակին մօտակայ պողոտային մէջ, շքերթին մասնակցողներուն միացան «Հրաշք» մարզախաղերուն մասնակցող յատուկ խնամքի կարօտ 200 պատանի-երիտասարդներ, ընկերակցութեամբ իրենց օժանդակող առաւել քան 50 կամաւորներու։
Բացման հանդիսութիւնը իրենց ներկայութեամբ պատուեցին Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած Արժանթինի, Իրաքի եւ Սուրիոյ դեսպանները, ՀՕՄի եւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւններու եւ Հայաստանի կառոյցներու ներկայացուցիչներ, Համահայկական խաղերու Համաշխարհային կոմիտէի անդամ Վրէժ Շառոյեան, Հայաստանի մարզական դաշնակցութիւններու պատասխանատուներ, ՀՄԸՄի ներկայ եւ նախկին Կեդրոնական վարչութիւններու անդամներ, ՀՄԸՄի բարերարներ, բարեկամներ, «Փիւնիկ» միութեան նախագահ Յակոբ Աբրահամեան եւ Արցախեան պատերազմներու ՀՄԸՄական նահատակներու հարազատներ։
Հանդիսութիւնը ընթացք առաւ մարզախաղերուն մասնակցող պատուիրակութիւններու հրապարակ մուտքով։ Երկիրներու դրօշներով յաջորդաբար հրապարակ մուտք գործեցին եւ իրենց յատուկ տեղերը գրաւեցին հետեւեալ շրջաններու պատուիրակութիւնները՝ Արեւելեան Միացեալ Նահանգներ, Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ, Ամման, Աւստրալիա, Գանատա, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ, Հարաւային Ամերիկա, Լիբանան, Սուրիա, Երուսաղէմ-Հայֆա-Եաֆա, Փարիզ, Լոնտոն, Քուէյթ, Մարսէյ, Սթոքհոլմ, Թիֆլիս, Արցախ, Միւնիխ, Պաղտատ եւ Թեհրանի «Արարատ» կազմակերպութիւն։
Պատուիրակութիւններու ժամանումէն ետք հնչեցին Հայաստանի ու ՀՄԸՄի քայլերգները։
Հանդիսութեան սկիզբը, ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենադպիր Վիգէն Աւագեան ընթերցեց համաՀՄԸՄական 11րդ մարզախաղերուն առիթով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան յղած «Օրհնութեան գիր»ը, որուն մէջ վեհափառը նկատել կու տար, որ «ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցող ներկայ մարզախաղերը իրենց մարզական բնոյթէն անդին, յատկանշական դէպքեր են՝ հետզհետէ կազմակերպուող ու ծաւալող ՀՄԸՄի գործունէութիւնը արտացոլացնող, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան կապերը ամրացնող»։
Արամ Ա. կաթողիկոս իր «Օրհնութեան գիր»ով կը գնահատէր ՀՄԸՄի առաւել քան մէկ դարու առաքելութիւնը եւ կը շեշտէր հետեւեալը. «ՀՄԸՄը կարեւոր դեր կատարած է մեր ժողովուրդի ժամանակակից պատմութեան մէջ, մարմնամարզական բնագաւառին առընթեր, նաեւ հայ կեանքի այլ մարզերէն ներս, դառնալով նոր սերունդներու հոգեմտաւոր ու ազգային աճման նպաստող դպրոց, բառին ամբողջական առումով։ Մեր ազգին հոգեւոր, մշակութային, ազգային ու համահայկական արժէքները ու իտէալները միշտ եղած են մղիչ ուժերը ՀՄԸՄի կեանքին ու գործունէութեան։ Վստահ ենք, որ նոյն ոգիով ու տեսլականով ՀՄԸՄը պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը մեր ժողովուրդի համայնական կեանքին մէջ։ Մեր սպասումն է, որ ներկայ մարզախաղերուն մասնակցող իւրաքանչիւր մարզիկ ու մարզիկուհի դառնայ դրօշակիրը ու միանգամայն դեսպանը ՀՄԸՄի կեանքին խորք, եւ գործունէութեան նպատակ տուող համահայկական արժէքներուն ու իտէալներուն»։
Այնուհետեւ խօսք առաւ համաՀՄԸՄական 11րդ մարզախաղերու կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետ Մանուէլ Մարսէլեան, որ նշեց, թէ համաՀՄԸՄական 11րդ մարզախաղերուն իրագործումը պատմական իրադարձութիւն մըն է, զոր ՀՄԸՄը կ՛արձանագրէ իր 104ամեայ երթին ընթացքին։
«Վերջին երկու տարիներուն «Քորոնա» համաճարակը հարուածեց ամբողջ աշխարհը», ըսաւ Մարսէլեան՝ աւելցնելով. «ՀՄԸՄը եւս ազդուեցաւ այս համաճարակէն եւ տարիներու աւանդութիւն դարձած քառամեայ համաՀՄԸՄական մարզախաղերը յետաձգեց, սակայն միշտ եւ անպայման իրականացնելու վճռակամութեամբ»։ Ան շնորհակալութեան խօսք ուղղեց ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի վարչութեան եւ համաՀՄԸՄական 11րդ մարզախաղերու կազմակերպիչ յանձնախումբի իր գործակից քոյրերուն եւ եղբայրներուն, որոնց հետեւողական աշխատանքին եւ նուիրումին շնորհիւ կարելի դարձաւ այս մեծ իրադարձութեան իրականացումը։
Մարսէլեան իր խօսքի աւարտին մաղթեց, որ մասնակցողները կ՛առաջնորդուին «Բարձրացի՛ր, բարձրացուր» նշանաբանով եւ եղբայրական ոգիով, պատմական յիշատակներով աւարտելու համար համաՀՄԸՄական 11րդ մարզախաղերը։
Հանդիսութեան յաջորդ խօսքը արտասանեց համաՀՄԸՄական 11րդ մարզախաղերու հիւրընկալ շրջանի՝ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի վարչութեան ատենապետ Սանտրա Վարդանեան։ «Այսօր բոլորս այստեղ ենք` մեր մեծ ընտանիքի ներկայացուցիչներով հաւաքուած` փաստելու մեր աննկուն կամքը՝ առաջ շարժելու, իրարու սատարելու, իրարու յաղթանակներով տոգորուելու եւ նախկինէն աւելի ուժեղ դուրս գալու պայքարի այն ամէնին հետ` ինչ որ կը յայտնուի մեր յառաջընթացի, զարգացման, տարածման, գաղափարների ու տեսլականի իրականացման ճանապարհին», ըսաւ ան, ապա, խօսքը մասնակցող ՀՄԸՄականներուն ուղղելով՝ աւելցուց. «ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿը իբրեւ մեծ ընտանիքի անդամ, իր վրայ վերցնելով հիւրընկալ շրջանի պատասխանատուութիւնը, արդէն ամիսներ շարունակ լծուել է աշխատանքի, որպէսզի դուք այս օրերի ընթացքում, լինելով հայրենի հողի վրայ, ամբողջութեամբ զգաք այդ բերկրանքը եւ վայելէք ձեր հայրենիքում գտնուելու իւրաքանչիւր պահը: Լիայոյս եմ, որ դա մեզ կը յաջողուի եւ դուք կը վերադառնաք ձեր շրջանները, ձեզի հետ տանելով նոր լիցքեր, նոր եռանդ եւ նոր աւիւն՝ իրականացնելու այն մեծ առաքելութիւնը, որի համար աշխատում է Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւնը արդէն 104 տարի: Սա է մեր յաղթանակը, եւ անկախ այս օրերին տարբեր մարզական մրցումների արդիւնքներից` մենք բոլորս յաղթանակով ենք աւարտելու այս մարզախաղերը»:
Բացման հանդիսութեան պաշտօնական բաժինին եզրափակումը կատարուեցաւ ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վաչէ Նաճարեանի պատգամով։ Ան խօսքին սկիզբը նշեց, որ թիւով 11րդ համաՀՄԸՄական այս մարզախաղերը ՀՄԸՄի եւ համասփիւռքեան խաղերու պատմութեան մէջ ունին իւրայատուկ տեղ, որովհետեւ անոնք կը կազմակերպուին, հակառակ «Քորոնա» համաճարակին ստեղծած համաշխարհային դժուարութիւններուն եւ տնտեսական սուր տագնապին, ինչ որ ժխտական իրենց մեծ ազդեցութիւնը ձգած են ինչպէս մեր կեանքի բոլոր մարզերուն՝ նաեւ մարզական ու միութենական կեանքին վրայ։ «Մարզախաղերը իւրայատուկ են նաեւ, որովհետեւ միութեան պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով, աւանդական շրջաններու կողքին, այս խաղերուն կը մասնակցին նաեւ ՀՄԸՄի Թիֆլիսի մասնաճիւղը եւ նորակազմ Արցախի մասնաճիւղը», նշեց ան։
Նաճարեան յայտնեց, թէ մարզախաղերը կը կազմակերպուին «Հայ մարզիկի օր»ը։ Միութեան ռահվիրայ հիմնադիր Շաւարշ Քրիսեանի ծննդեան օրը՝ 22 Յուլիսը ՀՄԸՄի կողմէ հռչակուած է «Հայ մարզիկի օր»՝ նշելու համար մարզական փառաւոր սերունդներու անցեալի յաղթանակները եւ պատուելու համար ներկայի հայ մարզիկները ընդհանրապէս եւ ՀՄԸՄական մարզիկները յատկապէս։
Ան խօսեցաւ ՀՄԸՄի իւրայատկութեան մասին եւ ըսաւ. «ՀՄԸՄական մարզիկը ուրիշներէն կը զատորոշուի իր ազգային ազնիւ նկարագիրով եւ Հայաստանին ու հայ ժողովուրդին հանդէպ ունեցած մեծ նուիրումով։ Այս իրականութիւնը անգամ մը եւս հաստատուեցաւ, երբ Արցախի պաշտպանութեան կոչին ընդառաջելով՝ ՀՄԸՄականներ սլացան մինչեւ գերագոյն զոհաբերութիւն։ Անոնք ոչինչ խնայեցին Արցախի սրբազան հողին ու դատին պաշտպանութեան համար, որովհետեւ այդ պաշտպանութիւնը իր տարբեր երեսներով կը ծառայէր մէկ ու միակ նպատակի՝ տէր կանգնելու հայութեան բռնաբարեալ իրաւունքներուն, մեր հայրենիքի հողային ամբողջականութեան եւ մեր ժողովուրդի հաւաքական անվտանգութեան»։
ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետը անդրադարձաւ միութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն եւ հաստատեց, որ հաւատքի, ծառայութեան եւ զոհողութեան սկզբունքներուն վրայ հիմնուած այս միութիւնը այլ ընտրանք չունի՝ եթէ ոչ կառչած մնալ իր հիմնադիրներու սկզբունքներուն եւ ազգային արժէքներուն, որպէսզի շարունակէ հայ պատանին դաստիարակել ազգային արժէքներով՝ զօրավիգ կանգնելով հայկական պետականութեան՝ ընդդէմ հայրենիքին սպառնացող բոլոր վտանգներուն։
«Յարգա՜նք մեր ժողովուրդին անունը բարձր պահող հայ մարզիկներուն։ Յարգա՜նք եւ պատի՛ւ Հայաստանի անկախութեան եւ Արցախի ազատագրութեան ճամբուն ինկած մեր բոլոր նահատակներուն», իր պատգամին աւարտին ըսաւ Նաճարեան ։
Խօսքերէն ետք հասաւ բացման հանդիսութեան այնքան սպասուած պահը՝ ջահավառութիւնը։ Հրապարակ մուտք գործեց հետախոյզ-ազատամարտիկ, մարզիկ, անկոտրում կամքի խորհրդանիշ՝ Սարգիս Ստեփանեան, որ Արցախի մէջ իր երկու ոտքերը եւ աջ ձեռքը կորսնցուցած ըլլալուն՝ կը հանդիսանայ պայքարի, համբերութեան եւ տոկունութեան լաւագոյն օրինակ։ Հակառակ իր ֆիզիքական բարդ վիճակին, ան երկու անգամ խլած է բազկամարտի Եւրոպայի ախոյեանութեան տիտղոսը, իսկ երեք անգամ նուաճած է աշխարհի ախոյեանութեան առաջնութիւնը։ Ստեփանեանի մասին ցուցադրուեցաւ կարճ տեսանիւթ մը, որմէ ետք՝ ներկաներու յոտնկայս ծափերուն տարափին տակ եւ բուռն քաջալերանքով Ստեփանեան բոցավառեց մարզախաղերուն գլխաւոր ջահը։
Հուսկ, տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄական մարզիկի եւ իրաւարարի երդումը։ Երդումը կատարեցին մարզիկ Արշակ Մարգարեան եւ իրաւարար Դաւիթ Պոյաճեան։
Հանդիսութեան պաշտօնական բաժինին աւարտին, երեկոն շարունակուեցաւ գեղարուեստական հարուստ յայտագիրով մը, հայկական ժողովրդային, ազգագրական եւ ազգային-հայրենասիրական երգերով։
(Թղթակցութիւնը՝ ՀՄԸՄԻ Կեդրոնական վարչութենէն)