
Տէր եւ տիկին Արա եւ Ալին Չաղլասեանները, որոնք վերջերս ՀՄԸՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Նաւասարդեան 45րդ մարզախաղերու պատուոյ նախագահներ հռչակուած էին, 10,000 տոլար նուիրեցին «Ասպարէզ»ին՝ դրուատելով համայնքին եւ կազմակերպութիւններուն գործունէութիւնը ջատագովելու՝ անոր օրինակելի նուիրումը:
Այս որոշումը թերթիս փոխանցելու ընթացքին, ամոլը շեշտեց յատկապէս իրենց շատ սիրելի կազմակերպութեան՝ ՀՄԸՄի, Նաւասարդեան 45րդ մարզախաղերուն մասին թերթին կատարած հաղորդումները:
Յիշեցնենք, որ Արա եւ Ալին Չաղլասեանները պաշտօնապէս Նաւասարդեան 45րդ մարզախաղերու պատուոյ նախագահներ հռչակուեցան 26 Յունիսին, Beverly Hills Hilton պանդոկին մէջ տեղի ունեցած «Յաղթանակի պարահանդէս»ին ընթացքին:
Այս պատիւը ընդունելու ընթացքին, Արա Չաղլասեան մատնանշեց այն կարեւոր դասերը, զորս սորվուած է ՀՄԸՄէն եւ յայտեց, որ ՀՄԸՄի միջոցաւ եղած է նաեւ Հայկական Հարցի, Հայաստանի ամրապնդումին եւ համայնքի զանազան կազմակերպութիւններուն բարգաւաճման զօրակից մը եւ ջատագով մը:
«Ասպարէզ»ին զօրակցելու իրենց այս որոշումով, Արա եւ Ալին Չաղլասեանները գործնականապէս ցոյց տուին, որ կը հաւատան ՀՄԸՄի «Բարձրացիր, բարձրացուր» նշանաբանին:
Սուրիա եւ Լիբանան հասակ նետած, ապա Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ հաստատուած Չաղլասեան ամոլը բախտաւորուած է երեք մանչ զաւակներով՝ Արսէն, Վահէ եւ Արմէն, որոնք իրենց ծնողքին նման յարգանք կը տածեն հայ համայնքին եւ անոր կազմակերպութիւններուն նկատմամբ:
Չաղլասեանները համայնքին մէջ գործօն ներկայութիւն ունին՝ ըլլալով ոչ միայն ՀՄԸՄի անդամներ, այլ նաեւ մասնակից դառնալով Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդարանին, ՀԵԴի, Համազգայինի, Հայ Մշակութային հիմնարկութեան եւ Հայ Դատի զանազան ծրագիրներուն եւ միշտ նեցուկ կանգնելով «Ասպարէզ»ին: Յատուկ յիշատակումի արժանի է անոնց բարերարութիւնը վայելող Պըրպենքի Երիտասարդական կեդրոնի մէկ ժողովասրահը, որ կը կրէ «Արսէն Չաղլասեան» անունը՝ ի յիշատակ Արայի հօր:
Չաղլասեաններու այս նուիրատուութիւնը կը հասնի այն պահուն, երբ մինչ «Ասպարէզ»ը կը պատրաստուի նշելու իր 114րդ տարեդարձը: Կը յուսանք, որ անոնց այս քայլը օրինակ կը հանդիսանայ ուրիշներուն, որ կենսական կարեւորութիւն ունեցող եւ աւելի քան դար մը համայնքին սպասարկած այս հաստատութեան գործնականապէս զօրակցին:
Հայկական լրատուական ցանցի վարչութեան եւ «Ասպարէզ»ի տնօրէնութեան, խմբագրութեան ու անձնակազմին կողմէ շնորհակալութիւն կը յայտնենք տէր եւ տիկին Արա եւ Ալին Չաղլասեաններուն՝ շրջանիս հայ համայնքի բարգաւաճման նեցուկ կանգնելու իրենց աննկուն կեցուածքին համար: