ԵՐԵՒԱՆ.- Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան անդամներ Աննա Գրիգորեան եւ Արթուր Խաչատրեան 22 Յուլիսին հանդիպում ունեցան Եւրոպական խորհրդարանի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Տէյվիտ Ճէյմզ ՄըքԱլիսթըրի գլխաւորած պատուիրակութեան հետ: Ան յայտարարեց, որ կ՛ուզեն ծանօթանալ խորհրդարանական ընդդիմութեան տեսակէտներուն եւ առաջարկներուն՝ ներքաղաքական զարգացումներու, Հայաստանի կառավարութեան կողմէ վարուող արտաքին քաղաքականութեան, անոր այլընտրանքներուն եւ այլ հարցերու վերաբերեալ:
Ըստ Գրիգորեանի՝ պատուիրակութիւնը Հայաստան այցելեց Հայաստանի համար դժուար ժամանակաշրջանի մը, երբ կան շատ լուրջ սահմանային հարցեր Ատրպէյճանի հետ, երբ չէ լուծուած Արցախի կարգավիճակի հարցը, երբ ատրպէյճանական զօրքերը ներխուժած են Հայաստանի ինքնիշխան տարածքը եւ առայսօր կը գտնուին հոն՝ Սիւնիքի եւ Գեղարքունիքի մէջ: Գրիգորեան ընդգծեց, որ եթէ չլուծուի Արցախի կարգավիճակի հարցը, հակամարտութեան աւարտին մասին կարելի չէ խօսիլ: «Կարգավիճակի հարցը պէտք է լուծել հետագայ բանակցութիւնների միջոցով», շեշտեց ան:
Խաչատրեան ներկայացուց Արցախի տագնապը՝ անդրադառնալով անոր կարգաւորման ուղիներուն եւ ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի երեք յայտնի սկզբունքներուն: «1992 թ. ի վեր բոլոր միջազգային փաստաթղթերում մէկ յստակ ուղերձ է եղել, որը չի փոփոխուել 30 տարի շարունակ, մասնաւորապէս, ուժի կիրառման անընդունելիութիւնը: Այսպիսով, Ադրբեջանը խախտել է այս բոլոր կոչերը՝ 2020 թ. սանձազերծելով պատերազմ եւ փոխելով ստատուս-քուոն (հաստատուած ներկայ իրավիճակը): Միջազգային հանրութիւնը եւ, մասնաւորապէս, Եւրամիութիւնը, եթէ համաձայնում են այս ստատուս-քուոյին, ապա նշանակում է, որ նրանք թոյլ են տալիս Ադրբեջանին անտեսել այն կոչերը, որոնք սեղանին դրուած են եղել 30 տարի շարունակ, մասնաւորապէս, խախտել Հելսինկիի վերջնական եզրափակիչ ակտի սկզբունքները, այսինքն՝ ուժի կիրառման եւ ուժի կիրառման սպառնալիքի բացառումը՝ իրավիճակը փոխելու նպատակով», ընդգծեց ան:
Խմբակցութեան անդամները նաեւ անդրադարձան Ատրպէյճանի կողմէ հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման, Արցախի մէջ ցեղային զտումներու քաղաքականութեան: «Պէտք է յարգուի ԼՂ բնակչութեան ինքնորոշման իրաւունքը: Ուժեղացրէք անվտանգային իրավիճակը Լեռնային Ղարաբաղում», շեշտեց Խաչատրեան՝ դիմելով եւրոպացի գործընկերներուն: