ԱՒՕ ՊՕՂՈՍԵԱՆ

Կարծեմ ժամանակը եկած է, եթէ ուշ չէ, որ վերջապէս առերեսուինք մեր իրականութեան հետ՝ հրաժարելով ցարդ գոյութիւն ունեցող մեր այն մտածողութենէն, որ մեր աղտոտ լաթերը պէտք չէ հանրութեան ու, մանաւանդ, մեր թշնամիներուն առջեւ ցուցադրուին, որովհետեւ մենք կ՛ապրինք քսանմէկերորդ դարուն մէջ, եւ գիտութիւնը այնքան զարգացած է, որ օտարները հասու են գիտնալու մեր մասին այն բոլոր բաները, զորս նոյնիսկ մենք երբեմն չենք գիտեր եւ, հետեւաբար, այդպիսի մօտեցում մեր կողմէն պիտի նմանի ջայլամի վարմունքին։
Նախքան մեր մասին արտայայտուիլը, անհրաժեշտ է ճանչնալ մեր անմիջական դրացիները, ապա կարկինը աւելի լայն բանալով՝ հասկնալ նաեւ տարածաշրջանին մէջ խաղացող պետութիւններու քաղաքականութիւնը։
Առաջին հերթին, անշուշտ, պէտք է Թուրքիա՛ն ճանչնանք եւ առանց ստորակայութեան բարդոյթի ընդունինք զայն այնպէս, ինչպէս անիկա կայ ներկայիս, այսինքն՝ գիտակցինք, որ գործ ունինք դրացիի մը հետ, որ բաղդատած մեզի՝ մարդկային անհամեմատ աւելի մեծ ներուժ ունի։ Պէտք է հաշտուինք այն իրողութեան հետ, որ Աթաթուրքէն սկսած եւ մինչեւ Էրտողանի իշխանութեան գալը, անիկա արդէն դարձած էր բաւական հզօր եւ կայուն պետութիւն մը, որուն հաշիւը կ՛ընէին գերպետութիւնները։ Անոր աշխարհագրական դիրքը՝ իբրեւ կամուրջ Եւրոպայի եւ Ասիոյ միջեւ եւ նաեւ՝ իբրեւ սահմանակից այդ օրերուն Խորհրդային Միութեան:
Պաղ պատերազմին աւարտով եւ Խորհրդային Միութեան անկումով, եւ հետագային Էրտողանի իշխանութեան գալով, թէեւ Թուրքիոյ նախկին կարեւորութիւնը նուազեցաւ, որովհետեւ այլեւս չկար նախկին հզօր Խորհրդային Միութիւնը, սակայն երեւան եկաւ Էրտողանի ֆենոմենալ (արտակարգ երեւոյթ ունեցող) գործունէութիւնը, որ շրջեց ամէն կանխատեսում Թուրքիոյ մասին, եւ աշխարհը ականատես եղաւ այդ մարդուն կառավարելու բացառիկ կարողութեան եւ հմուտ դիւանագէտ ըլլալուն, ինչ որ երկիրը վերածեց տնտեսական եւ ռազմական տարածաշրջանային, եւ նոյնիսկ միջազգային հզօր պետութեան, այնքան՝ որ նոյնիսկ անուանի քաղաքական փորձագէտներ երկու տասնամեակ առաջ կը նախատեսէին, որ քսանմէկերորդ դարու կէսերուն, անոնք (թուրքերը) պիտի կարենան յառաջանալ մինչեւ Կովկասի սիրտը ու անկէ անդին։
Երկրորդը, մեր միւս թրքացեղ դրացին՝ Ատրպէյճանն է: Ինչ կարելի է ըսել անոր մասին, բացի այն, որ բնութիւնը զայն շնորհած ըլլալով հսկայական ընթերքային հարստութեամբ՝ անիկա կրցաւ այդ լծակը լաւապէս օգտագործել իր շրջանային քաղաքականութիւնը յառաջ տանելու համար, գերազանցապէս զինուելով եւ օգտուելով նաեւ Ռուսիոյ լուռ համաձայնութենէն եւ Թուրքիոյ արհեստագիտական ու ռազմագիտական օգնութենէն, շղթայազերծելու վերջին՝ մեզի համար աղիտալի պատերազմը:
Երրորդ՝ թերեւս պէտք է խօսիլ Իրանի մասին, որ հակառակ իր խորապէս տրամաբանական հակադրութեան իր հիւսիսը տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն եւ աշխարհաքաղաքական նոր ձեւաւորումներուն՝ շատ դիւրութեամբ չի կրնար գործնականօրէն միջամուխ ըլլալ եւ ի նպաստ իրեն փոխել քաղաքական եւ ապահովական զարգացումները, նկատի ունենալով արեւմուտքի կողմէ իրեն դէմ գոյութիւն ունեցող պատժամիջոցները եւ քաղաքականութիւնը։
Հիւսիսի մեր հարեւան Վրաստանը միւս երեքէն աւելի թոյլ պետութիւն մը ըլլալով հանդերձ՝ մեզի հետ բաղդատած ունի առաւելութիւն, որովհետեւ աշխարհագրականօրէն աւելի նպաստաւոր դիրքի վրայ կը գտնուի եւ աշխարհին բացուելու եւ հաղորդակցուելու համար ծով ունի։
Ռուսիա՝ մեր ռազմավարական դաշնակիցը, այսօր կը գտնուի ճակատագրական մեծ մարտահրաւէրի դէմ յանդիման, որ կրնայ սպառնալ թէ՛ իր եւ թէ մոլորակի գոյութեան. այո, իրեն համար գոյութենական վտանգ կը սպառնայ ռուս-ուքրանական պատերազմին վերջինին յաղթանակով աւարտը, եւ այստեղ պէտք չկայ մտնելու բացատրութիւններու մէջ։
Արցախեան պատերազմին ալ Ռուսիոյ՝ Ատրպէյճանի կողմը թեքումը պէտք է բացատրել Ուքրանիոյ մէջ իր սանձազերծած պատերազմական գործողութիւններու ծրագրումին տրամաբանութեան մէջ։ Ռուսիա կը ծրագրէր իր հարաւը ամրապնդել եւ վնասազելծել, միւս կողմէ ալ մօտ ըլլալ նաֆթամուղերուն՝ հակակշռելու եւ վերահսկելու համար, անհրաժեշտ պարագային արգիլելու համար արեւմտեան աշխարհի հաւանական միջամտութիւնները:
Պէտք է նաեւ շեշտել, որ մեր կողմէ երբեմն զարմացական հարցադրումները Ռուսիոյ՝ Կովկասեան քաղաքականութեան գծով, եւ զգուշացնող յորդորները՝ թէ Կովկասի թրքացումը կամ անոր՝ թրքական ազդեցութեան գօտիի վերածումը, Ռուսիոյ կործանման ամէնէն մօտիկ ճանապարհը կրնայ ըլլալ, իրատեսական չեն, եւ պարզապէս պէտք է նայիլ մեր աշխարհագրական տարածքին ու բաղդատել զայն Ռուսիոյ տարածքին հետ, եւ այն ատեն կը գիտակցինք, որ անիկա՝ Ռուսիա, հսկայական տարածքներու կը տիրապետէ եւ այնտեղ բազմաթիւ ժողովուրդներ ու ազգութիւններ հպատակեցուցած են, իսկ մօտիկ անցեալին, աւելի մեծ տարածքներ եւս կցած էր իրեն՝ Խորհրդային Միութեան մէջ, որոնք այսօր ալ կը գտնուին իր ազդեցութեան գօտիին մէջ։
Իսկ մենք՝ փոքր երկիր, աշխարհագրականօրէն մեզի շատ անհրաժեշտ եւ կենսական Արցախի տէրը չկրցանք ըլլալ եւ պահել զայն, հակառակ որ երեսուն տարի մեզի նուէրի նման ժամանակ շնորհուած էր:
Ուրեմն, անհրաժեշտ է գիտակցիլ, որ Ռուսիան շատ աւելի գիտակից է իր պետական շահերուն նկատմամբ, առաւել քան՝ մենք կը յաւակնինք ըլլալ։ Այս բոլորը գիտնալէ ետք, ի՞նչ կարելի է ընել, որպէսզի գոյատեւենք այս կտոր մը հողին վրայ: Եկած եմ այն տխուր եզրակացութեան, որ 21րդ դարուն, փոքր երկիրներու գոյութիւնը միայն մեծերու հաշիւներուն համապատասխան ըլլալուն մէջ է. գոյութիւն կ՛ունենան եթէ գերպետութիւններուն վնաս չեն ներկայացներ եւ շատ յաճախ, երբ անոնք պատուար կը հանդիսանան երկու հզոր պետութիւններու միջեւ շփման գիծը հեռացնելու իմաստով։
Մեր պարագային նոյնպէս, մեր գոյութիւնը պայմանաւորուած է գերպետութիւններու եւ շրջանային ուժերու միջեւ հաւասարակշռութիւններու հաշուոյն, այլապէս եթէ բոլոր մեր դրացիերուն համար միասնաբար նպատակայարմար ըլլար մեր վերացումը, այդ անկարելիութիւն մը չէր, որովհետեւ մենք զուրկ ենք մեր գոյութիւնը մինչեւ վերջ պահպանելու համար անհրաժեշտ միջոցներէ, սկսած՝ մարդկային ներուժէն մինչեւ տնտեսական, ռազմական, ռազմարդիւնաբերական եւ բոլոր միւս ոլորտները։
Հետեւաբար, կը կարծեմ, որ մեզի համար լաւագոյն ռազմավարութիւնը պիտի ըլլայ ամէն գնով ջանալ պահպանել ներկայ իրավիճակը՝ մինչեւ որ զգաստաանանք, եւ փոխանակ ամէն առիթ օգտագործելու պետութիւնը տկարացնելու, պարզապես իշխանափոխութիւն իրականացնելու համար, նուիրուինք պետութիւն կառուցելու դժուար եւ հետեւողական աշխատանքին, գոյացնելով առողջ եւ շինիչ ընդդիմութիւն, իշխանութիւնները զգաստացնելու եւ ճիշդ ուղիի վրայ դնելու։
Բոլորով լծուինք երկիրը հզօրացնելու: Այդ նպատակին հասնելու համար, նախապայման է գիտակցիլ, թէ մենք ամէն ինչով մեր դրացիներէն ետ մնացած ենք, եւ որովհետեւ արդէն ուշացած ենք այս մրցավազքին մէջ, պարտինք մենք մեզ գերազանցել եւ մղուիլ կրթելու մեր սերունդները անոնց ջամբելով գիտութիւն, ամէնէն բարձր մակարդակի գիտութիւն, որպէսզի ունենանք բոլոր բնագաւառներու մէջ մասնագէտներու բանակ: Մենք այս կրթութեան մակարդակին հասնելէ ետք ալ թերեւս չկարենանք մրցակցիլ դրացիներուն հետ, որովհետեւ իրենք վստահաբար ձեռնածալ պիտի չմնան, սակայն գերպետութիւններու հաշիւներուն մէջ գուցէ ի նպաստ մեզի փոփոխութիւն կը յառաջացնենք, առնուազն տնտեսական ներդրումներու հոսքի առումով:
Վերջապէս, տգէտ, յետամնաց եւ թոյլ պետութիւն մը ոչ մէկուն ալ պէտք չէ, ինչ փոյթ թէ անիկա հարուստ մշակոյթ կամ հազարամեակներու պատմութիւն ունի։