«Ինչ մնաց, կեանքէն ինծի ինչ մնաց,
Ինչ որ տուի ուրիշին, տարօրինակ այդ միայն»
Վահան Թէքէեան
ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ
Կիրակի, 10 Յուլիսին, Կլենտէյլի «Շիրազ» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ աստուածահաճոյ շատ գեղեցիկ ձեռնարկ մը՝ ի նպաստ Հայաստանի մէջ գործող «Թիւֆէնէեան» հիմնարկի «Ընտանիք եւ Համայնք» ծրագիրին:

Ձեռնարկը կը հովանաւորէր Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի եւ Մեքսիքայի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան: Այդ օր, սրբազանը Ս. Էջմիածին կը գտնուէր, իսկ զայն կը ներկայացնէր Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Սարգիս Ա. քհնյ. Փեթոյեան:
Իր օրհնաբեր ներկայութեամբ սոյն դրամահաւաքը կը պատուէր նաեւ Արմաւիրի թեմի առաջնորդ Սիոն արք. Ադամեան:
«Թիւֆէնքեան» հիմնարկէն ներկայ էին Մեծամօրի շրջանին մէջ գործող անպաշտպան փոքրիկներու ապաստարաններու նախագահ Քնարիկ Գարանֆիլեան, ինչպէս նաեւ հիմնարկի կեդրոնական հոգաբարձութեան անդամ Անդրանիկ Գասպարեան:
Ձեռնարկը կազմակերպուած էր հիւրընկալութեամբ եւ նախաձեռնութեամբ Լոս Անճելըսի մէջ գործող Իրաքահայ Ընտանեկան միութեան կողմէ: Այս միութիւնը 43 տարիէ ի վեր կը ծառայէ եւ օգնութեան ձեռք երկարած է Լոս Անճելըսի, հայրենիքի եւ Սփիւռքի հայութեան ծով կարիքներուն:
«Թիւֆէնկեան» հիմնարկը տարիներէ ի վեր առաւել քան 600 անպատսպար փոքրիկներու եւ դժուարութիւններու մէջ գտնուող մայրերու տուն, ուտելիք եւ ամէն տեսակի օժանդակութիւն կը տրամադրէ:
Հանդիսավար Վահէ սարկաւագ Չարխթեան բացման եւ բարի գալուստի իր խօսքով ներկայացուց օրուան ձեռնարկի նպատակը եւ «Թիւֆէնքեան»ի ու Իրաքահայ Ընտանեկան միութեան բազմերես ծառայութիւնները եւ գրութիւններ ու նկարներ ցուցադրեց: Այդ նկարներուն մէջ կային հիմնարկին ապաստարաններու մէջ ապրող փոքրիկներու նկարներ, որոնք այդ տուներուն մէջ ուտելիք, հոգատարութիւն եւ հագուստներ կը ստանան ու միայն գիշերները իրենց տուները կ՛երթան քնանալու համար:


Ապա ելոյթ ունեցան Քնարիկ Գարանֆիլեան, Անդրանիկ Գասպարեան եւ Իրաքահայ Ընտանեկան միութեան նախագահ տոքթ. Մարալ Անճարկէօլեան: Բոլոր խօսողները նկարագրեցին «Ընտանիք եւ Համայնք» ծրագիրին աշխատանքները, յատկապէս 44 օրեայ պատերազմէն ետք, երբ մեծ թիւով փոքրիկներ զրկուած էին բաւարար սնունդէ եւ հոգատարութենէ ու ճիշդ ասոր համար էր, որ այդ ծրագիրը մշակուեցաւ «Թիւֆէնքեան»ի կողմէ:
Տոքթ. Մարալ Անճարկէօլեան վերջերս Հայաստան եղած օրերուն այցելած էր Մեծամօրի մէջ գործող այդ ապաստարանները եւ հոն ապրող փոքրիկներու գծած նկարներէն 16 հատ բերելով, այդ գիշեր ծախուեցան:
Արմաւիրի առաջնորդ Սիոն արք. Ադամեան փակման եւ սրտի խօսքով խորապէս յուզեց եւ խռովեց ներկաներու հոգիները:
Ազգային եւ հայրենասիրական գեղեցկագոյն մթնոլորտի մէջ ներկայ եղողները իրենց սիրտերուն հետ նաեւ իրենց գրպանները բացին՝ դժուարութեան մէջ մեր հայ մանուկներուն օգնութեան համար, գոյացնելով կոկիկ գումար մը:
Սիրելի հայրենակիցներ, բոլոր անոնք, որոնք կը փափաքին նման հայրենասիրական եւ ազգօգուտ ծրագիրի մը իրենց նպաստը բերել՝ կրնան իրենց նուէրները ուղարկել հետեւեալ անունին եւ հասցէին.
Tufenkian Foundation
c/o Mr. Antranig Kasparian
20 Capital Drive
Moonachine, N.J. 07047