
ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ
Երկու Կուսակցութեանց Համաձայնութիւնը
Գաղտնիք չէ որ ՀՅ Դաշնակցութեան եւ Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան կեդրոնական մարմինները անցեալ ձմեռ Պոլսոյ մէջ կնքեցին գրաւոր համաձայնութիւն մը մեր ազգային քաղաքական գրեթէ բոլոր էական եւ այժմէական հարցերուն վերաբերմամբ։
Այդ համաձայնութիւնը մէկ կողմէն արդիւնքն էր անտարակոյս մտածողութեան որոշ չափով նոյնութեան, մեր հարցին տարերքներուն վերաբերմամբ, իսկ միւս կողմէ ակնյայտի ձգտումն ունէր աւելի բիւրեղացնելու առհասարակ մեր ամբողջ ժողովուրդին եւ մասնաւորապէս խնդրոյ առարկայ երկու կուսակցութեանց քաղաքական մտածողութիւնը եւ հարթարելու մէկ ճակատ թէ՛ եւրոպական դիւանագիտութեան եւ թէ սովետական իշխանութենց դիմաց։
Յիշեալ համաձայնագրին մէջ երկու կուսակցութիւնները հայկական հարցին էութեան եւ լուծման եղանակին մասին իրենց հաւաքական ըմբռնումը ձեւակերպած էին հետեւեալ ձեւով.
«1. Երկու կուսակցութիւններու գերագոյն նպատակն է՝ Միացեալ եւ Անկախ Հայաստանի իրականացումը։
2. Երկու կողմերը կը նկատեն, որ Սեւրի դաշնագիրը այն միջազգային իրաւական ակտն է, որով ձեւակերպուած է հայ ժողովուրդին անկախ ապրելու իրաւունքը։
3. Սեւրի դաշնագրով նախատեսուած եւ Ուիլսընի իրաւարարութեամբ գծուած սահամներէն միջազգային բարդութեանց եւ հարկադրանքի տակ որեւէ փոփոխութիւն պէտք է ըլլայ երկու կողմերու փոխադարձ համաձայնութեամբ»։
(Հատուած)
Յուլիս 25, 1922, թիւ 873