ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- «Ազատութեան» տուած հարցազրոյցին ընթացքին Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լին Թրէյսի յայտնեց, որ Ուաշինկթըն Երեւանի եւ Պաքուի հետ կը քննարկէ տարածաշրջանի ապաշրջափակման հարցին մէջ գիտարուեստական աջակցութիւն տրամադրելու կարելիութիւնը։
Պատասխանելով Հայաստանի վարչապետին եւ Ատրպէյճանի նախագահին հետ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի հեռաձայնային զրոյցներուն՝ դեսպանը նշեց, որ անոր կողմէ լուսարձակի տակ առնուած յառաջընթացի կարելիութիւնը իրաւացի է։ «Միացեալ Նահանգներու ընկալումը այն է, որ մենք պատմական կարելիութիւն ունինք յառաջընթաց արձանագրելու` տարածաշրջանին մէջ շատ երկարատեւ հակամարտութեան կայուն եւ համապարփակ խաղաղ կարգաւորման հասնելու ուղղութեամբ: Ասիկա չի նշանակեր, որ այդ մէկը դիւրին պիտի ըլլայ: Դուք իրաւացի էք, երբ կ՛անդրադառնաք անցեալի շատ ծանր աշխատանքին եւ անոր յաջորդած հիասթափութիւններուն: Կը կարծեմ, որ անոնք նախազգուշացումներ են, զորս մենք պէտք է նկատի ունենանք: Բայց, նոյն ժամանակ, մենք այլընտրանք չենք տեսներ, քան հետամուտ ըլլալ եւ աջակցիլ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի ջանքերուն` ուղիղ բանակցելու եւ փորձելու հասնիլ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորմանը: Եւ մենք կը պատրաստուին անոր վրայ կեդրոնացած մնալ», ըսաւ դեսպանը։
Ըստ անոր՝ դիւանագիտական մեծ ներգրաւուածութիւն կայ, եւ ոչ միայն Միացեալ Նահանգներէն, այլ նաեւ Եւրոպական Միութեան մեր գործընկերները եւս ներգրաւուած են, ինչպէս նաեւ ուրիշներ: «Կը կարծեմ, թէ ատիկա շատ օգտակար է այս թափը պահպանելու համար, եւ հասկնալու, որ ասոնք բարդ հարցեր են, եւ լուծումները դիւրին պիտի չըլլան, բայց մենք պէտք է յամառ կերպով շարունակենք»:
«Ազատութեան» թղթակիցը դիտել տուաւ, որ Միացեալ Նահանգներ աջակցութիւն առաջարկած է երկու կողմերուն՝ տարածաշրջանին մէջ երթեւեկի եւ հաղորդակցական կապերու դիւրացման առումով՝ խնդրելով, որ մանրամասնութիւններ տրամադրէ դեսպանը այս մասին, եւ հարց տալով, որ Ուաշինկթընէն կարելի՞ է ներգրաւուածութիւն ակնկալել այնքան, որքան Ռուսիայէն եւ Եւրոպական Միութենէն:
«Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի կառավարութիւններուն հետ կը քննարկուի որոշ թեքնիք աջակցութեան, թեքնիք արժեւորումներու աջակցութեան կարելիութիւնը՝ հաղորդակցութեան կապերու ապաշրջափակման վերաբերող: «Մենք շատ կարեւոր կը նկատենք այդ մէկը։ Նշեմ, որ միւս թեման, որուն անդրադարձաւ նախարար Պլինքըն, կը վերաբերի Թուրքիոյ հետ Հայաստանի յարաբերութիւններու կարգաւորման: Այդ ուղղութիւնը եւս մենք շատ կարեւոր կը նկատենք: Մենք կ՛ողջունենք այն քայլերը, զորս ցարդ առած են Հայաստան եւ Թուրքիա, եւ երկու կողմերուն կոչ կ՛ուղղենք՝ յառաջընթաց արձանագրելու, որովհետեւ մենք կը կարծենք, թէ այս հարցերէն շատեր, վերջապէս, փոխկապակցուած են եւ, երբ կը նկատենք դրական քայլեր մէկ ուղղութեամբ, այդ մէկը կրնայ ամրապնդել թափը` հասնելու տարածաշրջանի առաւել լայն խաղաղութեան», նշեց Թրէյսի:
«Ազատութեան» լրագրողը հարցուց. «Անդրադառնալով հայ-թուրքական յարաբերութիւններին` երկու կողմերն էլ պայմանաւորուել են առաջ գնալ առանց նախապայմանների, այնուամենայնիւ, Անկարան շարունակում է գործընթացը կապել հայ-ադրբեջանական յարաբերութիւնների հետ: Այս պայմաններում հաշտեցումն իրատեսական համարո՞ւմ էք»:
Դեսպանը նշեց, որ պէտք է շարունակել փորձարկել առաջարկներն ու ներգրաւուածութիւնները, փորձել ոլորտները, որոնք առանձնացուած են Հայաստանի եւ Թուրքիոյ կողմէ: «Մենք նաեւ տեսած ենք լաւ բանակցութիւններ յատուկ բանագնացներու մակարդակով, որոնց իբրեւ արդիւնք պայմանաւորուածութիւններ ձեռք բերուած են որոշ սահմանային կէտերու բացման վերաբերեալ: Մենք տեսած ենք որոշակի պայմանաւորուածութիւն ուղիղ բեռնափոխադրումներու վերաբերեալ: Մանրամասնութիւնները պէտք է մշակուին, եւ կը կարծեմ, թէ այստեղ է, որ մենք կը շարունակենք խրախուսել թէ՛ Հայաստանը եւ թէ Թուրքիան՝ յառաջընթաց արձանագրելու եւ տեսնելու, որ յառաջընթացը այստեղ, ի վերջոյ, կրնայ իր դրական ներդրումը ունենալ հայ-ատրպէյճանական քննարկումներուն մէջ», եզրափակեց Թրէյսի։