ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմէնիհապեր»- Թրքական իշխանամերձ «Ենի Շաֆաք» կայքը «Ինչո՞ւ Թուրքերը Սփիւռք Չունին» վերնագրուած յօդուածով մը կը համեմատէ Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպայի մէջ հայկական, յունական եւ հրէական սփիւռքներու ու թրքականի գործունէութիւնները:
Երեք սփիւռքներու ձեւաւորման ամփոփ պատմութիւնը տալէ ետք, յօդուածագիրը կ՛անդրադառնայ անոնց կողմէ յաջողութեամբ իրականացուող «անթիւ հակաթրքական արշաւներ»ուն:
Այնուհետեւ, ան կը խօսի 60ականներէն ի վեր Եւրոպա գաղթած առաւել քան 6 միլիոն թուրքերուն, որոնց մեծամասնութիւնը կ՛ապրի Գերմանիա: Կը նշուի, որ միայն 2021ին Գերմանիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններուն իբրեւ արդիւնք՝ խորհրդարան անցած են 18 թրքական ծագումով պատգամաւորր. թուրք պատգամաւորներ կան նաեւ Եւրոպական խորհրդարանին մէջ եւ Գերմանիոյ նահանգներուն մէջ:
Հեղինակը նաեւ կը յիշեցուցնէ, որ հակառակ այս պատկերին՝ 2016ին, Գերմանիոյ խորհրդարանին մէջ ընդունուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող օրինագիծը, որուն աջակցեցան թրքական ծագում ունեցող 11 պատգամաւորներ, իսկ օրինագիծին հեղինակը եղած է Թուրքիայէն արտագաղթած Ճէմ Էօզտեմիր:
Ըստ յօդուածագիրին՝ նոյն պատկերը կայ նաեւ Զուիցերիոյ մէջ, ուր 2020ի ընտրութիւններով խորհրդարան անցած թրքական ծագումով 4 պատգամաւորներ աջակցեցան նոյն թուականին խորհրդարան բերուած «Քիւրտ ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը» անուանումով օրինագիծին։
Յօդուածին մէջ կը նշուի, որ գրեթէ նոյն վիճակն է եւրոպական այլ երկիրներու՝ Հոլանտայի, Պելճիքայի, Դանիոյ եւ Աւստրիոյ մէջ։
«Եթէ Թուրքիոյ վերաբերող հարցերուն մէջ թուրք պատգամաւորները կ՛ուզեն Հռոմի պապէն աւելի կաթոլիկ երեւնալ եւ Թուրքիոյ դէմ օրինագիծերուն աջակցութիւն ցոյց կու տան՝ կը նշանակէ, որ այս գործին մէջ սխալ բան մը կայ», կը յայտնէ հեղինակը եւ կ՛աւելցուցնէ, որ այս հարցի լուծումը կարելի է միայն թրքական պետութեան եւ ժողովուրդին, Եւրոպայի թրքական կազմակերպութիւններու ղեկավարներուն, թուրք գործարարներու եւ սփիւռքի թուրքերու՝ Թուրքիոյ մէջ բնակող ազգականներուն համագործակցութեամբ իրականացնել: