ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնները կը գտնուին սառած վիճակի մէջ: 1 Սեպտեմբերին նախագահական ընտրարշաւը պաշտօնապէս կը սկսի, սակայն ցարդ թափուր աթոռի ենթադրեալ պատկերը կը մնայ տիրական:
Ըստ քուէյթեան «Անպա» թերթին՝ նախագահական ընտրութեան թեկնածուներ` «Մարատա» հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ քաղաքական եւ ժողովրդային իմաստով արդէն իսկ ժողովրդականութիւն կորսնցուցած են` նկատի ունենալով, որ «Հըզպալլա»ն ձախողեցաւ Պասիլը համոզել, որ Ֆրենժիէին զիջի:
Նոյն օրաթերթը նկատել կու տայ, որ քաղաքական տարբեր ուժեր կը փորձեն համախոհութիւն գոյացնել լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի անձին շուրջ:
Միւս կողմէ, Ազատագրում եւ բարգաւաճում խմբակի երեսփոխան Մուհամմատ Խաուէժա յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշէլ Աունի եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի միջեւ յարաբերութեան չգոյութիւնը սառեցուցած է նաեւ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը եւ զայն դժուարացուցած: Խաուէժա ընդգծեց, որ պահանջուածը բարեկարգչական կառավարութիւն մըն է, որ կարենայ երկիրը իր լուրջ տագնապներէն փրկել:
Միւս կողմէ, Երկուշաբթի երեկոյեան, լիբանանեան կարգ մը շրջաններու, ինչպէս Թրիփոլիի, Պատտաուիի, Սաատնայէլի, եւ այլ շրջաններու մէջ երկու ուղղութեամբ ճամբաներ եւ մայրուղիներ փակուեցան` բողոքելու համար երկրին տնտեսական ահաւոր պայմաններուն դէմ: