
Ինչպէս հաղորդած էինք, Կիրակի, 7 Օգոստոսին, երեկոյեան ժամը 6ին, Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութիւնը իր կեդրոնին մէջ կազմակերպած է յիշատակի եւ յարգանքի տուրք մատուցանելու երեկոյ մը՝ հեղինակաւոր գիտնական փրոֆ. Վահագն Նորայր Տատրեանի մահուան 3րդ տարելիցին առթիւ։
Ձեռնարկին կը մասնակցին՝ «Արարատ տան» «Էսկիճեան» թանգարանը, «Նոր Սերունդ» մշակութային միութիւնը, Համազգայինը, Իրանահայերու եւ Իրաքահայ ընտանեկան միութիւնները, Հայկական ուսումնասիրութիւններու եւ հետազօտութիւններու ազգային միութիւնը, «Խոստումը» Հայկական հիմնարկը եւ «Թէքէեան» Մշակութային Միութիւնը:
Երեկոյի հանդիսավարը պիտի ըլլայ Մարիէթ Օհանէս: Այս հանդիսաւոր միջոցառման կապակցութեամբ Պոլսահայ միութեան վարչութիւնը հպարտութեամբ կը յայտնէ, որ տեղի պիտի ունենայ միութեան տարեկան փրոֆ. Տատրեանի անուան «Վահագն Ն. Տատրեան Ցեղասպանութեան Ուսումնականութեան» մետալի պարգեւատրումը: Այս մրցանակը կը յանձնուի ականաւոր եւ միջազգային նշանաւոր այն գիտնականներուն, որոնց հետազօտութիւնները, յօդուածները եւ գործողութիւնները յառաջ բերած են Վահագն Ն. Տատրեանի՝ ցեղասպանութիւններու արդարութեան եւ կանխարգիլման, ինչպէս նաեւ մարդկային արժանապատուութեան խթանման տեսլականը:
Նշեալ յատուկ երեկոյին ընթացքին, այս մրցանակին երրորդ դափնեկիրը պիտի ըլլայ յայտնի պատմաբան փրոֆ. Ռիչըրտ Կ. Յովհաննէսեան:
Ծրագիրին պիտի յաջորդէ հիւրասիրութիւն:
Ձեռնարկը մեծ պատիւ պիտի ըլլայ Պոլսահայ միութեան համար, մինչ մենք կը նշենք Պոլսոյ այս մեծ զաւակին յիշատակը:
Կը խնդրենք ձեր տեղերը ապահովել՝ bolsahye1976@gmail.com հասցէին միջոցաւ եւ կամ հեռաձայնելով միութեան հոգաբարձու տոքթ. Յովհաննէս Գուլակ Աւետիքեանի բջիջային հեռախօսին՝ (818) 800-1976 թիւով։
Սիրով կը սպասենք ձեզի 7 Օգոստոսին։
(Թղթակցութիւնը՝ միութենէն)