ՊՈԼԻՍ, «Ժամանակ».- Լօզանի համաձայնագրի ստորագրութեան 99րդ տարեդարձը այս տարի նշուեցաւ Անգարա-Աթէնք առանցքի ներկայի լարուածութեամբ պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ։ Յունաստանի հետ խորացած տարակարծութիւնները պատճառ դարձան, որ Թուրքիա խիստ բողոք արտայայտէ։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան պատգամ մը հրապարակելով՝ ուշադրութիւն հրաւիրեց վերջին շրջանին Յունաստանի թուրք փոքրամասնութեան իրաւունքներուն դէմ կատարուած ոտնձգութիւններուն վրայ։ Ըստ անոր՝ Լօզանի դաշնագիրի պայմանները կա՛մ կ՛արհամարհուին, կա՛մ գիտակցաբար կը մաշեցուին, ինչ որ անընդունելի է թրքական կողմին համար։ Ըստ Էրտողանի՝ այս իրավիճակը խոտոր կը համեմատի բարիդրացիական յարաբերութիւններու եւ համաձայնութիւններու նկատմամբ հաւատարմութեան սկզբունքին,՝ աւելցնելով. «Մեր երկիրը վճռական է մեր ազգի իրաւունքները պաշտպանելու ուղղութեամբ»։