
ՈՒԵՍԹՈՒՈՒՏ, Քալիֆորնիա.- Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին մէջ գործող «Խոստումը» Հայկական հիմնարկը կը տեղեկացնէ, թէ 2022-2023 կրթական տարեշրջանին համար, Հայաստանը եւ հայութիւնը յուզող հարցերու ուսումնասիրութիւններու նուիրուած հետեւեալ նպաստները տրամադրած է.
– Յետ-խորհրդային Հայաստանի մէջ առողջապահական համակարգին յաջողութիւնները եւ թերացումները ուսումնասիրելու համար՝ տոքթ. Հէյլի Թափըրին, որ ուսումնասիրութիւնը պիտի իրականացնէ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի Ընդհանուր վիրաբուժութեան բաժանմունքէն տոքթ. Շանթ Շխրտմեանի առաջնորդութեամբ։
– Դոկտ․. Հելէն Մախտումեանին՝ ուսումնասիրելու համար ամերիկահայ, պաղեստինցի-ամերիկացի եւ բնիկ ամերիկացիներու գրականութիւննրուն մէջ «բոյն դրած յիշողութիւններուն» ունեցած ազդեցութիւնը այդ համայնքներու հոգեբանութեան վրայ, նոյն համալսարանի Բաղդատական գրականութեան վարիչ դոկտ. Մայքըլ Ռաթպըրկի առաջնորդութեամբ։
– Դոկտ. Աննա Ալեքսանեանին՝ ուսումնասիրելու համար Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին կիներուն դիմագրաւած իւրայատուկ բռնարարքները, պարտադիր ամուսնութիւնները եւ ձուլումը, «Խոստումը» Հայկական հիմնարկի Հայոց Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան ծրագիրի վարիչ Թանէր Աքչամի առաջնորդութեամբ։
– Ճենիֆըր Մանուկեանին՝ ուսումնասիրելու համար 1780էն 1900ի միջեւ արեւմտահայերէնի՝ իբրեւ գրական լեզու զարգացման պատմութիւնը, նոյն համալսարանի «Նարեկացի» ծրագիրի դասախօս դոկտ. Փիթըր Քաուիի առաջնորդութեամբ։
– Նոյն համալսարանի տեղեկատուական ուսմանց դասախօս դոկտ. Էն Ճիլիլենտին՝ ուսումնասիրելու համար «Արխիւային պրիսմակէն՝ Հայաստան, Ցեղասպանութիւնը եւ Սփիւռքը Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի տեղեկատուական ուսմանց բաժանմունքին մէջ» նիւթը։