ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի 2022ի Լէօ Սարգիսեանի, եւ Մարալ Մելքոնեան Աւետիսեանի անուան, ինչպէս նաեւ Յովիկ Սաղտճեանի անուան «Քեփիթըլ Կէյթուէյ» վարժողական ծրագիրներուն մասնակցողները Ուաշինկթըն ժամանելէ անմիջապէս ետք անցան գործի՝ Հայ Դատի ներկայացուցիչներուն հետ առաւել քան 100 քոնկրեսականներու հետ հանդիպումներ ունենալով, յառաջ մղելու համար Արցախի եւ Հայաստանի ապահովութիւնը երաշխաւորելու, ամերիկեան դպրոցներու մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան դասաւանդումը իրականացնելու եւ միաժամանակ Ատրպէյճանի ու Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներ սահմանելու ջանքերը, իրենց ձայնը միացնելով Միացեալ Նահանգներու տարածքէն համացանցի եւ հեռաձայնային կապի միջոցաւ աւելի քան 50,000 ամերիկահայերու կողմէ Քոնկրեսին վրայ բանեցուող ճնշումին։
Միացեալ Նահանգներու տարբեր շրջաններէ ժամանած երիտասարդները պիտի շարունակեն գործնական դերակատարութիւն ունենալ Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի միջեւ քաղաքական, դիւանագիտական եւ մշակութային յարաբերութիւնները սերտացնելու ջանքերուն մէջ, յատկանշական քաղաքական փորձառութիւններ ամբարելով։
Այս տարուան ծրագիրին մասնակցողներն են՝ Կրեկըրի Քոտիլեան, Արամ Գէորգեան, Ալեքս Կիւլճեան, Անի Ժամկոչեան, Նաթալիա Մաթոսեան, Լար Թապաքեան, Թարա Թազեան, Վիքթորիա Թօփալեան, Քրիսչըն Երելեքեան, Մելոտի Սէրայտարեան, Սիւնէ Համբարեան, Զապէլ Համբարեան, Արամ Հէս եւ Սթեֆըն Փիտէճեան։