ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն հեռաձայնային զրոյցներ ունեցաւ Հայաստանի վարչապետին եւ Ատրպէյճանի նախագահին հետ` որոնց, ի միջի այլոց, յայտնելով, թէ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հասնելու պատմական կարելիութիւն կայ:
Ըստ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան՝ թէ՛ Նիկոլ Փաշինեանի, թէ՛ Իլհամ Ալիեւի հետ զրոյցներուն ընթացքին Պլինքըն առաջարկեց Ուաշինկթընի օժանդակութիւնը՝ հայ-ատրպէյճանական հաղորդակցական ուղիներու վերաբացման վերաբերեալ: Ան ողջունեց վերջերս Թիֆլիսի մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը: Ալիեւի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Պլինքըն կոչ ուղղեց՝ ազատ արձակելու բոլոր հայ գերիները։ «Արտաքին գործոց նախարարը եւ նախագահ Ալիեւ քննարկեցին Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի պատմական կարելիութիւնը` տարածաշրջանին մէջ հասնելու խաղաղութեան: Նախարարը վերահաստատեց Միացեալ Նահանգներու առաջարկը` աջակցելու տարածաշրջանային երթեւեկի եւ հաղորդակցութեան կապերու բացման: Պլինքըն խրախուսեց երկկողմանի երկխօսութեան շարունակութիւնը, ինչպէս Թիֆլիսի մէջ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումն էր: Ան նաեւ վերահաստատեց աջակցութիւնը Եւրոպական Միութեան միջնորդութեամբ արդիւնաւէտ քննարկումներու իրականացման։ Նշեց, որ Միացեալ Նահանգները 1994էն ի վեր ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահ է եւ պատրաստ է ներգրաւուելու թէ՛ երկկողմ եւ թէ նոյն ձեւով մտածող գործընկերներու հետ աշխատանքներուն մէջ` օգնելու Հայաստանին ու Ատրպէյճանին գտնելու երկարաժամկէտ համապարփակ խաղաղութիւն: Նախարար Պլինքըն նաեւ յորդորեց նախագահ Ալիեւը՝ ազատ արձակելու մնացած բոլոր հայ գերիները», կ՛ըսուի վերոնշեալ հաղորդագրութեան մէջ:
Իսկ Փաշինեանի հետ զրոյցին վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ Պլինքըն ողջունեց զայն՝ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ ձեռք բերուած յստակ համաձայնութիւններուն վերաբերող։
Ըստ Հայաստանի կառավարութեան տարածած հաղորդագրութեան՝ Փաշինեան վերահաստատեց խաղաղութեան օրակարգին իր նուիրուածութիւնը: