
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Արցախի հիւսիսային եւ հիւսիս-արեւմտեան սահմանագօտիի կարգ մը հատուածներու մէջ, ատրպէյճանական կողմը 1 Օգոստոսի առաւօտէն սադրանքներու դիմեց՝ շփման գիծը հատելու փորձերու ձեռնարկելով: Այս մասին կը յայտնէ պաշտպանութեան բանակը, ըստ որուն, հակառակ անոր որ այդ փորձերը կասեցուեցան, իրադրութիւնը շարունակեց մնալ լարուած: Հայկական կողմէ կորուստներ չկան:
Կատարուածին մասին Արցախի պաշտպանական կառոյցը տեղեակ պահեց ռուս խաղաղապահներու հրամանատարութիւնը:
Վերջին մէկ շաբաթուան ընթացքին, զինադադարը խախտելու մասին Ատրպէյճանէն պարբերաբար կը հնչեն մեղադրանքներ, զորս հայկական կողմը կը հերքէր:
Միայն 31 Յուլիսին, պաշտօնական Երեւանը երկու, իսկ Ստեփանակերտը մէկ անգամ հերքեցին Պաքուի յայտարարութիւնները, թէ հայկական կողմը կրակեց ատրպէյճանական դիրքերու ուղղութեամբ: Ըստ Ատրպէյճանի ռազմական գերատեսչութեան՝ հայկական զինուած ուժերը հրաձգային զէնքերով «հետեւողական կերպով ռմբակոծած են» հայ-ատրպէյճանական սահմանի Քելբաջարի եւ Լաչինի հատուածները, իսկ Հադրութի շրջանին մէջ Արցախի ուժերը կրակած են: Պաքուէն նոյն մեղադրանքները հնչեցին նաեւ Շաբաթ օրը: Իսկ անկէ առաջ, հայկական կողմը հաղորդեց Արցախի մէջ եւ հայ-ատրպէյճանական սահմանին կրակոցներուն մասին, ընդ որում, ռուս խաղաղապահները աւելի ուշ հաստատեցին, որ ատրպէյճանցիները իսկապէս Հինգշաբթի օրը Թաղավարդի ուղղութեամբ խախտած էին հրադադարը:
Արձակուրդի մէջ գտնուող վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, որ կը գտնուի Լոռիի մարզը, թէեւ լսեց, բայց չպատասխանեց սահմանային իրավիճակին մասին «Ազատութեան» հարցումին:
Ազգային ժողովի Պաշտպանութեան յանձնաժողովի անդամ, ընդդիմադիր պատգամաւոր Տիգրան Աբրահամեան պատահական չի նկատեր վերջին մէկ շաբաթուան ընթացքին զինադադարը խախտելու մասին Ատրպէյճանէն հնչող պարբերական մեղադրանքերը եւ հայկական կողմի հերքումները։ «Տպաւորութիւն ունեմ, որ Ադրբեջանը ակտիւ(աշխոյժ) տեղեկատուական նախապատրաստութեան փուլում է, որը, որպէս կանոն, նախորդում է սադրանքներին, Աստուած մի արասցէ, ագրեսիային (յարձակումին)», յայտնեց ան:
Աբրահամեան կ՛անդրադառնայ տարբերակներու. «Հնարաւոր է, որ Ադրբեջանը, դժգոհ լինելով Հայաստանի հետ տարուող գործընթացից՝ առանձին կը լինի Հայաստան-Ադրբեջան մակարդակում, առանձին կը լինի Արցախի շուրջ ստեղծուած իրավիճակում, գնում է ակնյայտօրէն շանտաժի (սպառնալիքի) ճանապարհով, սպառնալով Հայաստանին նոր գործողութիւններով», ըսաւ ան՝ աւելցնելով. «Կայ երկրորդ դիտարկումը, որը շատ աւելի մտահոգիչ եմ համարում, դա հետեւեալն է՝ ՀՀ իշխանութիւնները, հասկանալով հնարաւոր դիմակայութիւնը կամ պոռթկումը հասարակական, ցաւալի զիջումների կը գնան ոչ թէ խաղաղ ճանապարհով, այլ Ադրբեջանի հետ իմիտացիա (կեղծուած)՝ մարտական գործողութիւնների իմիտացիա խաղարկելով, որի արդիւնքում ադրբեջանական զօրքերը կը յայտնուեն այն հատուածներում, որոնք կուլիսներում բանակցուել են»:
Պաշտպանութեան յանձնաժողովի իշխանական անդամ Արմէն Խաչատրեան կտրուկ կերպով կը հերքէ ընդդիմադիր գործընկերոջ վերջին վարկածը՝ բաւական սուր արձագանգելով քննադատութեան:
«Դա վարկած չի, դա ցնդաբանութիւն է, ես չեմ էլ մեկնաբանի, արդէն իմ որակաւորման մէջ պարզ է, թէ ես ինչպէս եմ վերաբերւում», նշեց ան:
Հարցումին, թէ կը բացառէ՞ ինչ-որ պայմանաւորուածութիւններու առկայութիւնը, ան ըսաւ. «Ես նոյնիսկ կարիք չեմ համարում պատասխանել այդ հարցին»:
Ատրպէյճանական կողմի մեղադրանքերուն մասին իշխանական պատգամաւորը հարցուց, որ ինչո՞ւ հայկական կողմը պիտի խախտէր հրադադարը։ «Դա անտրամաբանական է, հայկական կողմն ընդհանրապէս նման գործելաոճի պատճառ չունի հասկանալի պատճառներով: Սովորական, տեղեկատուական դաշտում իրենց հերթական սադրանքներն են միջազգային կամ նաեւ իրենց հանրութեանը ինչ-որ բաներ ներկայացնելու համար», ըսաւ ան:
Շաբաթ օրը, Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով խորհրդակցութեան մը ընթացոին հրամայեց՝ «որեւէ պահու վճռական միջոցներով կանխել թշնամիին կողմէ սադրանքներու փորձերը»: 1 Օգոստոսին, Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը կոչ ուղղեց երկրի բնակչութեան՝ զերծ մնալու ռազմական շարասիւներու տեղաշարժը պատկերող լուասանկարներու հրապարակումէն: Ըստ Պաքուի՝ վերջին օրերուն, համացանցին վրայ յայտնուածները հին են:
Քաղաքական վերլուծաբան Արեգ Քոչինեան կ՛ըսէ, թէ որեւէ սպառնալիք պէտք չէ թերագնահատել։ «Տեղին չէ որեւէ սպառնալիք թերագնահատել, որը կայ Հայաստանի առջեւ: Ի հարկէ, սա չի նշանակում, որ պէտք է իրերը հաւաքել եւ հեռանալ Հայաստանից, բայց սա նաեւ չի նշանակում, որ պէտք է թերագնահատել որեւէ սպառնալիք, իսկ այդ սպառնալիքները, ըստ իս, բաւականին իրատեսական են», նկատել տուաւ ան:
Իր հերթին Հայաստանի Բանակի ընդհանուր հրամանատարը այցելեց զօրամասեր եւ ստուգումներ կատարեց զօրամիաւորումներուն մէջ: Անոնց նպատակը, ըստ պաշտպանութեան նախարարութեան, զօրքերու մարտունակութիւնը, իրավիճակին համահունչ արագ գործելու ունակութիւնները ստուգելն է, մինչ այդ նաեւ կրակի կառավարման մարզումներ կը կատարուին:
Իսկ 1 Օգոստոսին, Ստեփանակերտը յայտնեց, որ Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան ուժային կառոյցներու պատասխանատուներուն մասնակցութեամբ խորհրդակցութեան հրաւիրեց: Արցախի պաշտպանութեան նախարարը զեկուցեց սահմանագիծին վրայ տիրող իրավիճակին մասին: