ԵՐԵՒԱՆ.- «Ժառանգութիւն» կուսակցութեան հիմնադիր, արտաքին գործոց նախկին նախարար Րաֆֆի Յովհաննէսեանին արգիլեցին Արցախ մուտք գործել՝ առանց հիմնաւոր պատճառի:
Ըստ «Ժառանգութիւն» կուսակցութեան կողմէ հրապարակուած հաղոդագրութեան՝ 31 Յուլիսի երեկոյեան, մինչ Րաֆֆի Յովհաննիսեան Արցախ կ՛ուղղուէր՝ իր թոռնիկի մկրտութեան մասնակցելու նպատակով, Արցախի Հանրապետութեան սահմանակէտին վրայ, ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի զինուորական ծառայողները պաշտօնապէս խոչընդոտեցին անոր մուտքը՝ ցոյց տալով իրենց հրամանատարի հրամանը՝ Յովհաննէսեանի լուսանկարով եւ անոր մուտքը արգիլող յանձնարարականով:
«Անցակէտում գտնուող զինուորները մերժման որեւէ յօդաբաշխ պատճառ կամ հիմնաւորում չբերեցին, բայց հաստատեցին, որ արգելանքը կարող է լինել պաշտօնական Երեւանի «ամենավերեւից», կ՛ըսուի վերոնշեալ հաղորդագրութեան մէջ:
Դէպքին ականատես եղած Յովհաննիսեանի օգնական Մամիկոն Սարգսեան «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ անձամբ չէ լսած, որ խաղաղապահները ակնարկեցին, որ պաշտօնական Երեւանը արգիլած է Յովհաննիսեանի մուտքը Արցախ։ «Ո՛չ, որեւէ ակնարկ չեն արել, պարզապէս իրենք խօսքի մէջ ասում էին, որ «մենք զինուոր ենք, մենք որեւէ մեկնաբանութիւն չենք կարող տալ, դա ձեր իշխանութիւնների, թէ իմ վերադասի հրահանգն է, եւ ես կատարում եմ այն, թէ մնացածը ինչ, ոնց, զինուորները մեզ ոչինչ չասացին», ըսաւ Սարգսեան՝ աւելցնելով. «Փոքրաթիւ խմբով մեկնում էինք Ստեփանակերտ, պէտք է Մարտունու շրջանի Նոր Շէն գիւղում տեղի ունենար Րաֆֆի Յովհաննէսեանի թոռան՝ Կարին Յովհաննիսեանի տղայի կնունքը»։
Ան պատմեց, թէ կէսօրէն ետք շուրջ ժամը 2ին, արդէն անցակէտին վրայ էին, ուր ռուս խաղաղապահները մանրակրկիտ կերպով ստուգեցին փաստաթուղթերը Յովհաննիսեաններու ամերիկացի քաղաքացի հիւրերուն, որոնք նախօրօք ստացած էին Արցախ մտնելու թոյլտուութիւն, ապա միայն ժամեր ետք՝ արդէն երեկոյեան, յայտնեցին, որ ամբողջ խումբին չեն կրնար թոյլ տալ Ստեփանակերտ հասնիլ, ներառեալ՝ Րաֆֆի Յովհաննիսեանին:
«Ինչ-որ բան այն չէր, բայց քանի որ վիզան, ամէն ինչ բնական էր, պէտք է ինչ-որ խնդրայարոյց չլինէր, վերջում խաղաղապահներից մէկը մօտեցաւ պարոն Յովհաննիսեանին՝ «կը ներէք, բայց ձեր մուտքն Արցախ արգելուած է»: Ցոյց տուեց իր հեռախօսով, որտեղ պարոն Յովհաննէսեանի նկարն էր, տակը գրուած, որ «Րաֆֆի Յովհաննէսեանի մուտքը Արցախ արգելուած է», ըսաւ Սարգսեան:
Յստակ չէ, թէ ո՛ր կողմը ճշդած է արգելքի յանձնարարութիւնը. ըստ Յովհաննէսեանի օգնականին, փաստաթուղթին տակ որեւէ կնիք կամ ստորագրութիւն չկար: Մերժումը փոխանցուած է բանաւոր:
Արցախի Հանրապետութեան կառավարութիւնը՝ անտեղեակ եւ խիստ զարմացած այս որոշումէն, երկար ժամանակ փորձեց պարզաբանել, նաեւ հարթել ապօրինութիւնը, սակայն՝ ապարդիւն: Անոր ներկայացուցիչները չբացառեցին Պաքուի բռնապետութեան հաւանական առնչութիւնը այս արարքին:
«7ից մինչեւ 11ը մի քանի ժամ փորձում էին Արցախի իշխանութիւնների ներկայացուցիչների միջոցով հարցը կարգաւորել, թէ ինչում է խնդիրը, որեւէ պատճառաբանութիւն չէին տալիս, այդպէս մինչեւ 11ը սպասելուց յետոյ տեսանք, որ այդ հարցը չի լուծւում, մեր խումբը մեկնեց Ստեփանակերտ, եւ պարոն Յովհաննիսեանը յետ վերադարձաւ Գորիս», բացատրեց Սարգսեան:
«Ակնյայտօրէն անիրաւ հրահանգի յետեւում կանգնածի վախկոտութիւնը մեզ ցոյց է տալիս այս ինքնակոչ իշխանազանցութեան համար պատասխանատուի ամենահաւանական ուղղութիւնը. դա կարող է լինել միայն մէկ մարդ՝ ձախողուած առաջնորդը, որը, յանուն իրական տարածաշրջանային խաղաղութեան եւ անվտանգութեան, պէտք է հեռանայ իր այլատեաց հարեւանի հետ մէկտեղ», յայտնեց Յովհաննէսեան:
Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութենէն «Ազատութեան» փոխանցեցին, որ «Յովհաննէսեանի մուտքը Արցախ արգելել են ռուս խաղաղապահները, մնացածը պէտք է ճշդել նրանցից»: Խաղաղապահները որեւէ յայտարարութեամբ հանդէս չեկան: