
ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԵՐԸ ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԵՆ
ԵՐԵՒԱՆ.- Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը արգիլեց Հոլանտայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Մասիս Աբրահամեանի եւ անոր դստեր՝ Սիւնէ Աբրահամեանի, մուտքը Հայաստան: Սահմանապահները երկուքին պարագային ալ պատճառներ չտուին:
Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակը հաղորդագրութեամբ մը խստօրէն դատապարտեց Հայաստանի իշխանութիւններուն՝ Հոլանտայի քաղաքացիներ, Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Մասիս Աբրահամեանի եւ յանձնախումբի անդամ Սիւնէ Աբրահամեանի Հայաստան մուտքը արգիլելը։ Ստորեւ՝ այդ հաղորդագռութիւնը
«Համայնքային աշխոյժ գործունէութեամբ զբաղող սփիւռքահայերուն հայրենիք մուտք գործելը արգիլելով՝ Հայաստանի իշխանութիւնները բացայայտ խտրականութիւն կը դրսեւորեն իրենց քաղաքականութիւնը չկիսող եւ անոր ընդդիմացող անձերու նկատմամբ:
«Սիւնէ Աբրահամեան Հայաստան գացած էր մասնակցելու ՀՅԴ Երիտասարդականին կողմէ Սիւնիքի մէջ կազմակերպուած կամաւորական ճամբարներուն, որոնք մեծապէս կը նպաստեն սահմանամերձ շրջաններու երիտասարդութիւնը գօտեպնդող նախաձեռնութեան:
«13 Յուլիսին, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեանի Հայաստան մուտքը արգիլելէ ետք, ասիկա ընդդիմադիր հայեացքներ ունեցող հայրենակիցներու նկատմամբ քաղաքական հաշուեյարդարի անընդունելի եւ դատապարտելի դրսեւորումն էր:
«Հայ Դատի Պրիւքսէլի գրասենեակը Հայաստանի իշխանութիւններէն կը պահանջէ անմիջապէս դադրեցնել այս գործընթացը եւ վերջ տալ Հայ Դատի գործիչներուն, ինչպէս նաեւ այս ոլորտին մէջ առաջին քայլերը առնող երիտասարդներուն նկատմամբ ապազգային վերաբերմունքին:
«Ատրպէյճանի հանդէպ միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ մեր պետութեան հիմնական առաւելութիւնը ժողովրդավարութիւնն էր, իր բոլոր թերութիւններով հանդերձ: Նման հակաժողովրդավարական քայլերով մենք միայն կրնանք կորսնցնել այդ առաւելութիւնը:
«Հայ Դատի յանձնախումբերը միջազգային բոլոր հարթակներուն վրայ միշտ զօրավիգ կանգնած են մեր պետութեան, իսկ յանձնախումբերու անդամները զոհած են իրենց անձնական կեանքը եւ ժամանակը՝ ամբողջովին կամաւոր եւ անշահախնդիր կերպով:
«Հայաստանի իշխանութիւնները կը յորդորենք հեռու մնալ նման քայլերէ, քանի դեռ լուրջ վնաս չէ հասած Հայաստանի միջազգային ընկալման: ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակը կը գտնէ, որ նման դէպքերու կրկնութիւնը եւ քինախնդրական վերաբերմունքը մեզ պիտի առաջնորդէ դէպի Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ խրամատի ստեղծման, ինչ որ վնասակար հետեւանքներ պիտի ունենայ մեր ժողովուրդին համար»:
Դատապարտող յայտարարութեամբ հանդէս եկաւ նաեւ ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէն. Ստորեւ՝ այդ յայտառառութիւնը.
«Ապազգային քլանին հալածանքը կը շարունակուի դաշնակցական գործիչներու դէմ:
«Հոլանտայի երիտասարդականի անդամ Սիւնէ Աբրահամեանի մուտքի արգելքէն ժամեր ետք, դարձեալ Երեւանի օդակայանէն հայրենիք մուտքը արգիլուեցաւ այս անգամ Հոլանտայի Հայ Դատի ատենապետ, կուսակցական աշխուժ գործիչ Մասիս Աբրահամեանի:
«Յստակ է արդէն, որ պատրաստուած է այսպէս կոչուած անբաղձալի տարրերու ցանկ մը: Եւ ինչպէս մեր նախորդ յայտարարութիւններով ընդգծած էինք, երկիրը դէպի անդունդ տանող փաշինեանական դաւադիր վարչախումբի գործիքին վերածուած ԱԱԾն տէրը չէ իր կոչումին եւ հաւասարապէս պատասխանատու է ազգադաւ այս որոշումներուն, զորս կը մերժենք ըստ ամենայնի: Իրաւական եւ կարելի բոլոր միջոցներով պիտի պայքարինք վերականգնելու հայրենազրկութեան այս քստմնելի արշաւին դէմ: Ողորմելի են նման փոքրոգի որոշումի տէրերը, մանաւանդ երբ կը խորհին այս միջոցով ճնշել ու լռեցնել ի խնդիր համազգային մեր Դատին, ի խնդիր Հայաստանի եւ Արցախի ամբողջականութեան ու բարօրութեան համար պայքարող նուիրեալ գործիչները: Մեր պայքարը առաւել պիտի սաստկանայ, մինչեւ ազգային ու իրաւական պետութեան վերականգնումը, որուն նախապայմանն է երկրին իշխանութեան յայտնուած ապազգային ու հայրենադաւ բռնատիրական քլանի հեռացումը»:
Նշենք, որ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեանի Հայաստան մուտքը արգիլելը դատապարտեցին ՀՅԴ Բիւրոն, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդը եւ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն, որ իր կարգին դատապարտեց ոեւէ հայու Հայաստան մուտքը արգիլելու արարքը։