ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Մեւլութ Չաւուշօղլու եւ Ճէյհուն Պայրամով 2 Օգոստոսին դարձեալ յայտարարեցին, թէ պատրաստ են կարգաւորելու յարաբերութիւնները Հայաստանի հետ: Ընդ որում, Պայրամով այս մասին խօսելով՝ անգամ մը եւս յիշատակեց «Զանգեզուրի միջանցքը» բանալու անհրաժեշտութիւնը, իսկ Չաւուշօղլու ընդգծեց, որ Անգարա իր քայլերը կը համակարգէ Պաքուի հետ: Յայտարարութիւնները կատարուեցան Տաշքենին մէջ, ուր տեղի ունեցաւ եռակողմ հանդիպում մը՝ Ուզպեքիստանի արտաքին գործոց նախարար Վլատիմիր Նորովի մասնակցութեամբ:
«Ատրպէյճան առաջարկեց կարգաւորել յարաբերութիւնները Հայաստանի հետ՝ միջազգային իրաւունքի սկզբունքներու հիման վրայ», նշեց Պայրամով, ըստ որուն՝ այդ է Հարաւային Կովկասի մէջ ապահովութեան, կայունութեան ու բարգաւաճման հասնելու բանալին:
Սակայն, Պայրամով չխօսեցաւ այս հարցով Հայաստանի ներկայացուցած առաջարկներուն, մասնաւորապէս, Արցախի կարգավիճակը եւ այնտեղ ապրող մարդոց ապահովութիւնը եւ իրաւունքները երաշխաւորելու մասին: Փոխարէնը ան ծաւալուն անդրադարձ կատարեց տարածաշրջանային ուղիներու բացման հեռանկարին:
«Մենք համոզուած ենք, որ տարածաշրջանին մէջ բոլոր հաղորդակցութիւնները բանալը, ներառեալ «զանգեզուրեան միջանցքը», կը ծառայեն միջազգային հաղորդակցութեան կապերու ընդլայնման` այս ձեւով օժանդակելով տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ զարգացման հետագայ ամրապնդման», նշեց ան։
Չաւուշօղլու իր խօսքին մէջ պնդեց, որ «44օրեայ պատերազմի յաղթանակով Հարաւային Կովկասի մէջ նոր աշխարհաքաղաքական հաւասարակշռութիւն ի յայտ եկաւ»: Ան ընդգծեց, որ այս իրավիճակէն պիտի շահին այն երկիրները, որոնք կողմ պիտի ըլլան «կայունութեան եւ համագործակցութեան»:
«Կոչ կ՛ուղղեմ բոլորին՝ օգտագործելու այս հնարաւորութիւնը: Կ՛աջակցինք Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ հաղորդակցութեան, սահմանազատման եւ խաղաղութեան պայմանագիրի մը շուրջ բանակցութիւններուն: Մենք ալ յարաբերութիւններու կարգաւորման համար քայլերու կը ձեռնարկենք, յատուկ ներկայացուցիչներու հանդիպումներու միջոցով եւ Ատրպէյճանի հետ խորհրդակցելով յառաջ կ՛ընթանանք», շեշտեց Չաւուշօղլու:
Ան նաեւ ըսաւ, թէ Ատրպէյճանի հետ Թուրքիոյ յարաբերութիւնները դաշնակցային մակարդակի բարձրացան Շուշիի հռչակագիրով, զոր երկու երկիրներուն առաջնորդները ստորագրեցին ղարաբաղեան երկրորդ պատերազմէն ետք:
2 Օգոստոսին Պաքու եւ Անգարա հռչակագիր ստորագրեցին Ուզպեքիստանի հետ՝ նպատակ ունենալով ստեղծել եռակողմ համագործակցութեան հարթակ:
Այս հռչակագիրին բովանդակութիւնը տակաւին չէ հրապարակուած, սակայն ատրպէյճանական աղբիւրներ կը պնդեն, որ փաստաթուղթի 11րդ կէտով կողմերը կ՛ընդգծեն Արեւելեան Զանգեզուրը եւ Ատրպէյճանի Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութիւնը միացնող «Զանգեզուրի միջանցք»ի բացման կարեւորութիւնը՝ միջազգային փոխադրութեան կապերու ընդլայնման համար: