ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Անցած 24 ժամերուն ընթացքին, ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի պատասխանատուութեան գօտիին մէջ, Ատրպէյճանի զինուուած ուժերուն կողմէ հրադադարի դրութեան խախտման երեք դէպքեր արձանագրուեցան. այդ ընթացքին վիրաւորուեցաւ Արցախի զինուած ուժերու զինուոր մը: Այս մասին հաղորդագրութիւն մը տարածեց Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը:
Ռուս խաղաղապահներուն կողմէ 27 դիտակէտերու մէջ կ՛իրականացուի իրադրութեան շուրջօրեայ հսկում եւ կրակի դադրեցման դրութեան պահպանման վերահսկողութիւն:
«Ռուս խաղաղապահներու հրամանատարութիւնը ատրպէյճանական եւ հայկական կողմերու ներկայացուցիչներուն հետ հանգուցալուծած է իրավիճակը: Կոմղերուն միջեւ շփման գիծի փոփոխութիւն չէ թոյլատրուած», կ՛ըսուի Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:
Վիրաւոր զինուորը Ալբերտ Բախշիյեան է, որուն առողջական վիճակը կայուն է։
Կացութիւնը որոշ կայունութիւն արձանագրեց 2 Օգոստոսին։ Լուրը հաղորդեց Արցախի պաշտպանութեան բանակը:
Վանքի համայնքապետ Անդրէյ Սարգսեան Արցախի պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ օր մը առաջուան յարձակումը Գանձասարի ուղղութեամբ եղած է, Վանք համայնքին մէջ մտնող Նարեշտար գիւղի ուղղութեամբ, որ Գանձասարէն 20 քիլոմեթր հեռու է:
«Առաւօտեան մօտաւորապէս ժամը 9ի կողմերին Ադրբեջանի կողմից յարձակումներ են եղել մեր դիրքերի վրայ, բարեբախտաբար, մեր տղաները կասեցրել են յարձակումները, առաջխաղացումները: Մեր տղաները գտնւում են մեր դիրքերում», յայտնեց Սարգսեան:
Արցախի արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան յայտնեց, որ 2 Օգոստոսի դրութեամբ իրավիճակը համեմատաբար հանգիստ է, սակայն, Ատրպէյճան իր դիրքորոշումը եւ քաղաքականութիւնը չէ փոխած: «Պէտք է հասկանալ, որ իրավիճակն ընդհանուր առմամբ բարդ է Արցախում, աշխարհում», նշեց Բաբայեան:
Միւս կողմէ, 2 Օգոստոսին, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան հրաւիրեց Անվտանգութեան խորհուրդի ընդլայնուած նիստի` Ազգային ժողովի քաղաքական ուժերուն մասնակցութեամբ:
Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմէն յայտնեցին, որ քննարկուեցաւ նախօրէին շփման գիծին մէջ ստեղծուած իրավիճակը: Զեկուցումով հանդէս եկաւ պաշտպանութեան նախարար Կամօ Վարդանեան: Ըստ անոր՝ լարուածութիւնը շփման գիծի կարգ մը հատուածներուն մէջ կը յամենայ, եւ պաշտպանութեան բանակը կը տիրապետէ իրավիճակին` առանց մարդկային եւ դիրքային կորուստներու:
Ըստ աղբիւրին` օրակարգային յաջորդ հարցը կը վերաբերէր Արցախի Հանրապետութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան կապող միջանցքին:
Ատրպէյճանական կողմը Արցախի մէջ տեղակայուած խաղաղապահ զօրակազմի միջոցով պահանջ ներկայացուց յառաջիկային երթեւեկութիւնը նոր երթուղիով կազմակերպելու վերաբերեալ:
Անվտանգութեան խորհուրդի նիստին քննարկուեցան ստեղծուած իրավիճակին մէջ ձեռնարկուելիք քայլերը, որոնց կարգին նաեւ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմին միջոցով ապահով երթեւեկութեան երաշխաւորումը: