Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան խօսնակ Նենսի Փելոսի Չորեքշաբթի օր այցելեց Թայուանի մայրաքաղաք Թայփէ, անտեսելով նման քայլի մը չդիմելու գծով Չինաստանի ազդարարութիւնները։
Ճափոնական լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ ամերիկեան ռազմական օդանաւեր Ճափոնի մէջ գտնուող ամերիկեան ռազմակայանէ մը թռիչք առած են` ընկերակցելու համար Թայուան հասած Փելոսիի օդանաւին:
«Թայուան այցելութիւնս որեւէ ձեւով չի հակասեր Չինաստանի նկատմամբ ամերիկեան երկարատեւ քաղաքականութեան», Թայփէի օդակայանին մէջ յայտարարեց Փելոսի:
Փելոսի Թայուանի ղեկավարներուն հետ քննեց գործակցութիւնը սերտացնելու եւ «երկու ովկիանոսներու միջեւ շրջանի ապահովութիւնը ամրապնդելու կարեւորութիւնը»:
«Միացեալ Նահանգներու կողմէ Թայուանի ժողովուրդին նկատմամբ զօրակցութիւնը այսօր, առաւել քան որեւէ այլ ժամանակ, աւելի կարեւոր է։ Թայփէ այցելութիւնս կը հաստատէ Ուաշինկթընի` Թայուանի ժողովրդավարութեան նկատմամբ հաստատ աջակցութիւնը», ըսաւ ան` նշելով, որ Ուաշինկթըն պէտք է շատ լաւ յիշէ Թայուանի պաշտպանութեան աջակցելու իր խոստումը, որովհետեւ անոր ժողովրդավարութիւնը մեծ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ:
Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտեց Փելոսիի Թայուան այցելութիւնը եւ զայն նկատեց «մէկ Չինաստան» սկզբունքի «վտանգաւոր ոտնակոխում»` նշելով, որ Փելոսիի այցելութիւնը կ՛ոտնահարէ Չինաստան-Ամերիկա յայտարարութեան կէտերը:
Նախարարութիւնը Միացեալ Նահանգներուն կոչ ուղղեց` «Չինաստանը իր վերահսկողութեան տակ առնելու նպատակին համար Թայուանի խաղաքարտը չշահագործելու»:
«Ամերիկեան այցելութիւնը Թայուանի անկախութեան ձգտող անջատողական ուժերուն սխալ նշաններ կը փոխանցէ», նշեց նախարարութիւնը` ընդգծելով, որ Ուաշինկթըն եւ Թայփէ «սադրանքներ» կատարած են, եւ Չինաստանը «ստիպուած է ինքզինք պաշտպանելու համար քայլերու ձեռնարկելու»:
Իսկ Չինաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը իր կարգին հաղորդեց, թէ «որոշ գործողութիւններու պիտի սկսին` հակադարձելով Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Նենսի Փելոսիի Թայուան այցելութեան»:
«Չինաստանի իշխանութիւնները արդիւնաւէտ ուժ պիտի կիրարկեն Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Նենսի Փելոսիի Թայուան այցելութեան պարագային: Եթէ Փելոսի Թայուան այցելէ, այդ մէկը կոպիտ միջամտութիւն պիտի ըլլայ Չինաստանի ներքին քաղաքականութեան եւ պիտի յանգեցնէ շատ լուրջ հետեւանքներու: Չինաստանի բանակը ձեռքերը ծալած պիտի չնստի» Փելոսիի այցլութենէն առաջ յայտարարած էր Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Փելոսի Թայուանէն մեկնեցաւ Հարաւային Քորէա։