
ՖՐԵԶՆՕ.- Դոկտ. Պետրոս Տէր Մաթոսեան 26 Օգոստոսին, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ, Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի շրջանաւարտից «Սմիթքեմփ» շէնքի «Ուիթըն» սրահին մէջ (2625 E. Matoian Way) պիտի ներկայացնէ իր հեղինակած «Ատանայի Արհաւիրքը» հատորը։
Ձեռնարկը կազմակերպուած է համալսարանի Ֆրեզնոյի Հայագիտական ծրագիրին եւ «Լիան Փիթըրզ» հիմնարկին միացեալ ջանքերով։
Բազմալեզու 15 արխիւներու մէջ տասնամեակ մը տեւած ուսումնասիրութիւններէ ետք, Սթենֆըտի համալսարանի հրատարակչատունէն այս տարի լոյս տեսաւ դոկտ. Տէր Մաթոսեանի «Ատանայի Արհաւիրքը» (The Horrors of Adana: Revolution and Violence in the Early Twentieth Century) հատորը, որ նուիրուած է առաւել քան 22,000 զոհեր խլած 1909ի Ատանայի ջարդերուն։
Պետրոս Տէր Մաթոսեան Նըպրասքայի համալսարանի Լինքըն մասնաճիւղի Պատմութեան բաժանմունքի դասախօս է եւ նոյն բաժանմունքի Միջին Արեւելքի պատմութեան ենթաբաժանումին փոխվարիչը։ Ան նաեւ ներկայիս Քալիֆորնիոյ Նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին մէջ հաստատուած Հայագիտական Ուսմանց ընկերակցութեան վարչութեան ատենապետն է։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար դիմել (559) 278-2669 թիւին կամ հասցէին։
