Հնդկաստանի Շենայ քաղաքին մէջ շարունակուող ճատրակի Ողիմիականի 6րդ հանգրուանի մրցումներու ծիրին մէջ, Հայաստանի տղոց հաւաքականը Չորեքշաբթի օր մրցեցաւ Հնդկաստանի երկրորդ խումբին դէմ,՝ արձանագրելով 6րդ յաջորդական յաղթանակը` 2.5-1.5 արդիւնքով, 12 կէտով գրաւելով առաջատարի դիրքը։
Հայաստանի հաւաքականէն պարտութիւն կրեց Գաբրիէլ Սարգսեանը, սակայն յաղթանակ տօնեցին Սամուէլ Տէր Սահակեան եւ Ռոբերթ Յովհաննիսեան: Հրանտ Մելքումեան հաւասարութիւն արձանագրեց:
Մէկ օր առաջ, Հայաստան նոյն արդիւնքով յաղթանակ արձանագրեց Անգլիոյ դէմ։ Գաբրիէլ Սարգսեան հաւասարութիւն մը արձանագրեց Մայքըլ Էտըմզի հետ, իսկ Հայաստանի յաղթական կէտը ապահովեց Հրանդ Մելքումեան: Հաւասարութիւններ արձանագրեցին նաեւ Սամուէլ Տէր Սահակեան եւ Ռոպերթ Յովհաննիսեան:
Կանանց հաւաքականը 6րդ հանգրուանին մրցեցաւ Անգլիոյ դէմ, 3.5-0.5 արդիւնքով յաղթանակ մը ապահովելով: Յաղթանակ տօնեցին Էլինա Դանիէլեան, Լիլիթ Մկրտչեան, Աննա Սարգսեան, իսկ Մարիամ Մկրտչեան հաւասարեցաւ:
Նախորդ հանգրուանին, Հայաստանի հաւաքականը Ինտոնեզիոյ դէմ արձանագրեց 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը: Աննա Սարգսեան եւ Մարիամ Մկրտչեան յաղթանակներ արձանագրեցին, մինչ Էլինա Դանիէլեան եւ Լիլիթ Մկրտչեան` հաւասարութիւններ:
Մէկ մրցում պարտուած (Էսթոնիայի դէմ) Հայաստանի կանանց հաւաքականը այժմ 10 կէտերով կը գտնուի 6րդ դիրքի վրայ:
Նշենք, որ մրցաշարքը կ՛աւարտի 10 Օգոստոսին: