ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմէնիհապեր».- Ներկայ Թուրքիոյ Սվազ (Սեբաստիա) նահանգին մէջ գտնուող նախապէս հայաբնակ եւ յունաբնակ Աղըլ գիւղը այժմ բոլորովին ամայի եւ կիսաքանդ վիճակի մէջ է:
Կը նշուի, որ գիւղը 1980ականներուն բոլորովին դատարկուած է, որմէ ետք պարբերաբար ենթարկուած է գանձագողերու աւազակութիւններուն: Յոյս ունենալով, որ հայերէ մնացած գանձեր կամ թանկարժէք իրեր կը գտնեն՝ գանձ որոնողները շարունակաբար կը քանդեն շրջանին մէջ «խորհրդաւոր գիւղ» անուանուող Աղըլի տուները:
