ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն 4 Օգոստոսին հեռաձայնային զրոյց ունեցաւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուին հետ, որուն հետ, այլ հարցերու կողքին, ան անդրադարձաւ Արցախի հակամարտութեան հարցին: Այս մասին տեղեկացուց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս:
Ըստ անոր՝ Պլինքըն դիտել տուաւ, որ Միացեալ Նահանգները պատրաստ է ներգրաւուելու թէ՛ երկկողմ ձեւաչափով՝ համախոհ գործընկերներու հետ եւ թէ ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահի իր դերին բերումով՝ նպաստելու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ երկխօսութեան ու հասնելու հակամարտութեան երկարաժամկէտ քաղաքական կարգաւորման: