Այս տարի եւս, ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէին կազմակերպած դաստիարակչական յատուկ ծրագիրը ամբողջացուցած խումբ մը նորագիրներ միացան Դաշնակցութեան շարքերուն՝ ուխտելով ծառայել հայութեան եւ հայրենիքին։

Նորագիրներու նորագոյն խումբի երդման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ 31 Յուլիսին, Ֆերահեան Ազգային վարժարանի «Տիգրանեան» սրահին մէջ։ Այս տարուան դաստիարակչական ծրագիրին մասնակցեցան 9 անձեր, որոնցմէ 7ն ներկայ էին երդման արարղութեան, իսկ մնացեալ երկուքը, որոնք պարտադրաբար նահանգէն դուրս կը գտնուէին, աւելի ուշ պիտի տան իրենց երդումը։
Արարողութեան կնքահայրն էր՝ ՀՅԴ Սան Ֆրանսիսքոյի «Քրիստափոր» կոմիտէութեան ընկերներէն Շահան Աղապապեան, որ Արցախի ազատագրական պայքարի վեթերաններէն է։
Երդման արարողութենէն ետք, Աղապապեան բարի գալուստ մաղթեց նորագիրներուն, նոյն ժամանակ յիշեցնելով անոնց, որ իրենք կուսակցութեան շարքերուն կը միանան հայութեան համար ճակատագրական օրերու ընթացքին. ան աւելցուց, որ նման մարտահրաւէրներու դէմ դնելով է, որ Դաշնակցութեան անդամները կը վերածուին Հայկական Հարցի նուիրեալ պաշտպաններու։
Կնքահայրը յոյժ կարեւոր նկատեց ՀՅԴ Ծրագիրին սահմանած ուղիին հետեւիլը, որուն շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ հայութեան իրաւունքերը լաւապէս պաշտպանել եւ հասնիլ հայ ազգի կարիքներուն։ Ան յիշեցուց, որ կուսակցութիւնը գործի կազմակերպութիւն մըն է եւ թէ հայութեան մատուցած իրենց սպասարկութիւններուն փոխարէն գնահատանք պէտք չէ ակնկալել։
ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի պատգամը փոխանցեց Վահան Պզտիկեան, որ նոյնպէս բարի գալուստ մաղթեց նորագիրներուն, որոնք կը միանան Դաշնակցութեան այս շրջանի մեծ ընտանիքին եւ շեշտեց, թէ հակառակ մեր դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն, պէտք է առաւելագոյնը կատարել համայնքին, հայրենիքին եւ հայ ազգի կարիքներուն հասնելու համար։
Նշենք, որ վերջերս երկու նորագիրներ Ֆրեզնոյի մէջ եւս միացան ՀՅԴի շարքերուն, դառնալով տեղւոյն «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէի անդամ, իսկ երեք ուրիշներ միացան Արեւմտեան Սան Ֆերնանտօ Հովիտի «Ռոստոմ» կոմիտէութեան։
31 Յուլիսի երդման արարողութեան աւարտին, նորագիրները ստացան «ՀՅԴ Ալպոմ-Ատլաս»ի անգլերէն տարբերակէն եւ Ռոստոմի նուիրուած հատորէն օրինակներ, որմէ ետք անոնք միացան Լիզպոնի Հինգին նուիրուած ձեռնարկին, որ տեղի ունեցաւ նոյն՝ Ֆերահեան Ազգային վարժարանի «Աւետիսեան» սրահին մէջ։