ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Շաբաթավերջին եւս հայ-ատրպէյճանական սահմանին վրայ կացութիւնը լարուած մնաց։ Արեւելեան հատուածին մէջ տեղակայուած մարտական դիրքին մէջ, 6 Օգոստոսի երեկոյեան, թշնամիի կրակոցներէն վիրաւորուեցաւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան N զօրամասի պարտադիր ժամկէտային զինուոր, շարքային Նուէր Գէորգեան: Այս մասին կը տեղեկացնեն Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութենէն՝ նշելով, որ զինուորին կեանքը վտանգուած չէ:
Աւելի ուշ, Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաստատեց Գեղարքունիքի մարզի Սոթքի հատուածին մէջ, Ատրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ զինադադարի դրութեան խախտումը: Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ կ՛ըսուի, որ 6 Օգոստոսին, ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի պատասխանատուութեան գօտիին մէջ՝ Գեղարքունիքի մարզի Սոթք շրջանին մէջ, Ատրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ արձանագրուած զինադադարի խախտումին պատճառով վիրաւորուեցաւ Հայաստանի զինուած ուժերու զինուոր մը:
7-8 Օգոստոս լուսցող գիշերը եւ առաւօտեան էական միջադէպեր չեն արձանագրուած սահմանին վրայ, սակայն լարուած վիճակը տիրական է:
Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութենէն տեղեկացուցին, որ Արցախի եւ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու շփման գիծի որոշ հատուածներու մէջ, Ատրպէյճանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումները խախտեցին զինադադարի պահպանման դրութիւնը՝ կիրարկելով հրաձգային զինատեսակներով:
Ըստ նախարարութեան՝ ռուսական զօրակազմի միջնորդութեամբ կը շարունակուին աշխատանքները իրավիճակի հետագայ կայունացման ուղղութեամբ:
Նախարարութիւնը նաեւ հերքեց Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած հաղորդագրութիւնը, ըստ որուն, Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումները խախտեցին զինադադարի պահպանման դրութիւնը՝ շեշտելով, որ ասիկա իրականութեան չի համապատասխաներ: