ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Չինաստան կոչ ուղղեց Ատրպէյճանին եւ Հայաստանին՝ խուսափելու տարածաշրջանին մէջ իրավիճակի սրումէն: Լուրը հաղորդեց «Ռիա Նովոստի»ն՝ նշելով, որ այս մասին 8 Օգոստոսի ճեպազրոյցին ընթացքին յայտարարեց Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վան Վենպին:
«Յոյս ունինք, որ երկու կողմերն ալ կը հետեւին զինադադարի վերաբերող պայմանաւորուածութիւններուն, ինչպէս նաեւ կը խուսափին իրավիճակի հետագայ սրումէն», յայտնեց Վենպին: Ան աւելցուց, թէ Հայաստան եւ Ատրպէյճան Չինաստանի համար բարեկամ պետութիւններ են:
Վենպին նաեւ յայտնեց, թէ յոյս ունի, որ Երեւան եւ Պաքու պիտի կարենան քաղաքական երկխօսութեամբ տարակարծութիւններուն լուծումներ գտնել: