ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի կառավարութեան շէնքին մօտ, 8 Օգոստոսի երեկոյեան, «Արցախի Հանրապետութեան ճանաչում» քաղաքացիական նախաձեռնութեան անդամները բողոքի հաւաք կազմակերպեցին՝ ի պաշտպանութիւն Բերձորի, Աղաւնոյի եւ Սուսի:
Յայտարարութեամբ հանդէս եկաւ նախաձեռնութեան անդամ Նարեկ Այվազեան:
«Բերձորի, Աղաւնոյի, Սուսի բնակիչների առաջ դրւում է ապօրինի պահանջ՝ լքել իրենց հայրենի տները՝ նպատակ հետապնդելով խաթարելու Արցախը Հայաստանին միացնող Լաչինի մարդասիրական միջանցքի կարգավիճակը: Պահանջում ենք Հայաստանի ու Արցախի կառավարութիւններից թոյլ չտալ Նոյեմբերի 9ի յայտարարութեան 6րդ կէտի այնպիսի մեկնաբանութիւններ, որոնք իրականում բացակայում են այդ փաստաթղթից: Այն է՝ Բերձորի, Սուսի, Աղաւնոյի բնակիչների տարհանումն իրենց տներից», նշեց Նարեկ Այվազեան՝ կոչ ուղղելով կանգնելու արցախցիներու կողքին:
Նախաձեռնութեան անդամները կոչ ուղղեցին՝ չենթարկուելու ատրպէյճանական ահաբեկումներուն եւ Արցախի բնակիչները չձգելու առանց քաղաքական պաշտպանութեան, բարձրաձայնելու բոլոր գործընկեր երկիրներուն եւ միջազգային մամուլին մէջ Ատրպէյճանի վարած մարդատեաց քաղաքականութեան, ցեղային զտումներուն, ահաբեկչութիւններուն եւ սպառնալիքներուն մասին: