ՀԱԼԷՊ, «Գանձասար».- Երեքշաբթի, 9 Օգոստոսին, Սուրիոյ պետական «Սանա» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ թրքական ուժերը եւ անոնց ենթակայ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ բազմաթիւ հրթիռներ արձակեցին Հասիչէի հիւսիսային արուարձանի Թալ Թամր աւանի Սալամասէ գիւղին ուղղութեամբ։
Յարձակումին պատճառով զոհուեցաւ քաղաքացի մը եւ արձանագրուեցան նիւթական վնասներ։