ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ռոյթըրզ».- Սպիտակ տան բանբեր Թոնի Սնօ Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 1ին տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Իրանը, Սուրիան եւ լիբանանեան «Հըզպալլա» կազմակերպութիւնը ամբաստանեց Լիբանանի կառավարութեան դէմ պետական հարուած մը ծրագրելու յանցանքով, միաժամանակ սպառնալով անոնց, որ հեռու մնան նման ծրագրի մը գործադրութենէն:
Ըստ Սնոյի, «փաստերը հետզհետէ կը բազմանան», թէ նման դաւադրութիւն մը տեղի կ’ունենայ, սակայն շօշափելի փաստերու մասին չխօսեցաւ, զանոնք «գաղտնի» որակելով:
Սուրիոյ կառավարութիւնը անմիջապէս անհիմն որակեց այս ամբաստանութիւնը եւ պնդեց, թէ Դամասկոս միջամուխ չըլլար Լիբանանի ներքին հարցերուն:
Սնօ աւելցուց, թէ Ուաշինկթըն պատրաստ է քաղաքական եւ տնտեսական օժանդակութիւններ տրամադրելու Լիբանանի վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի կառավարութեան, որպէսզի չտապալի: