ՊԱՂՏԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 2ին, Պաղտատի Սատր շրջանին մէջ տեղի ունեցած պայթումի մը հետեւանքով սպաննուեցան առնուազն եօթը քաղաքայիններ եւ վիրաւորուեցան 45 ուրիշներ:
Իրաքի տարածքին այլ յարձակումներու զոհ գացին երեք ուրիշներ, ներառեալ համալսարանի դասախօս մը:
Նոյն օրը, ամերիկեան բանակի հրամանատարութիւնը հաղորդեց, թէ Չորեքշաբթի օր ամերիկացի զինուոր մը եւս սպաննուած է եւ յստակացուց, թէ Հոկտեմբերին սպաննուած ամերիկացի զինուորներուն թիւը 105ի հասած է:
Նաեւ, ամերիկեան ուժերը հաստատեցին, թէ անցեալ շաբթուան ընթացքին առեւանգուած ամերիկացի զինուորը իրաքցիի մը հետ ամուսնացած էր:
Նկարին մէջ, խումբ մը իրաքցի կիներ կ’ողբան ահաբեկչական արարքի մը զոհ գացած իրաքցիի մը դագաղին առջեւ: