
Վահան Շամլեան, որ իր կնոջ՝ Անոյշի, հետ գլխաւոր բարերարն էր Կլենտէյլի Ազգային Վահան եւ Անոյշ Շամլեան վարժարանին, Հինգշաբթի օր կնքեց իր մահկանացուն, Ֆրեզնոյի մէջ։ Ան 96 տարեկան էր։
Համեստ պայմաններու մէջ հասակ նետած Վահան Շամլեան յաջողած էր Միացեալ Նահանգներու ամէնէն յաջողակ գործարարներէն մէկը դառնալ, նոյն ժամանակ իր կեանքը նուիրելով հայ համայնքին եւ համայն հայութեան զօրակցելու նպատակին։
Անոր կարեւորագոյն ժառանգը կը նկատուի 1975ին հաստատուած Ազգային Վահան եւ Անոյշ Շամլեան վարժարանը, որ դաստիարակած է հազարաւոր աշակերտներ, որոնք դարձած են համայնքի ղեկավարները, յայտնի գործարարներ, բժիշկներ, իրաւաբաններ եւ այլ ոլորտներու հռչակաւոր ներկայացուցիչներ։
Վահան Շամլեան ծնած է Լիբանան, 1926ին, իսկ Միացեալ Նահանգներ հաստատուած է 1957ին, ըստ աւանդապատումի մը, միայն 20 տոլարով, սակայն կրցած է գործածուած հագուստենղէններու մեծագոյն վաճառականը դառնալ։
«Այն համոզումը ունէի, որ կեանքս այնպէս պէտք է դասաւորեմ, որ կարենամ օգնել ազգիս եւ մարդկութեան», «Ասպարէզ»ի հետ 2018ին կատարուած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած էր ան՝ աւելցնելով, որ իր ազգային ոգին կը պարտի իր ընտանիքին եւ իր յաճախած հայկական վարժարանին։
«Երբ վեց տարեկան էի, թաղի տղաքը գայլիկ էին. ես ալ միացայ անոնց, ապա նաեւ սկաուտ դարձայ եւ այսպէս՝ աւելի զօրացաւ ազգիս հետ իմ կապը: Երբեք կարելի չէ մոռանալ ազգային ինքնութիւնը, այլապէս որեւէ ինքնութիւն չես ունենար», ըսած էր Շամլեան:
Կրթական մարզին եւ Հայկական Հարցին նեցուկ կանգնելու՝ անոր համոզումներուն արգասիքը դարձաւ Կլենտէյլի Ազգային Վահան եւ Անոյշ Շամլեան վարժարանը։ Վերոնշեալ հարցազրոյցին մէջ ան նաեւ պատմած էր, թէ ինչպէ՛ս Կարօ Հատտատի Լոս Անճելըսի գրասենեակին մէջ, օր մը հանդիպում մը ունեցած էր այդ օրերու թեմի առաջնորդ Եփրեմ արք. Թապաքեանի եւ Կլենտէյլի հայ համայնքի ղեկավարներէն Ստեփան Գապատայեանի հետ. Վերջիս այդ օր առաջարկած էր իրեն հովանաւորել այն տարիներուն վարձու առնուած դպրոցին սենեակներէն մէկը, իսկ Հատտատ յորդորած էր ստանձնել ամբողջ վարժարանի հովանաւորութիւնը: «Ես ալ համաձայն գտնուեցայ եւ գնեցի ու նուիրեցի այսօր համայնքի կրթական համակարգի գլխաւոր կեդրոններէն մէկը համարուող վարժարանին կառոյցը», յիշեցուցած էր ան:
Շամլեան ամոլը երկար տարիներ զօրակցած է նաեւ շարք մը այլ կազմակերպութիւններու, ներառեալ՝ Հայ Մշակութային հիմնարկութեան, ՀՕՄին, որուն անդամ է Անոյշ Շամլեան, Ազգային առաջնորդարանին եւ Հայաստան Համահայկական հիմնադրամին։
Վահան Շամլեան նաեւ տասնամեակներով նեցուկ կանգած է «Ասպարէզ» օրաթերթին, հաւատալով անոր՝ համայնքի տեղեկատուական աղբիւրը եւ քննարկումի ասպարէզը դառնալու առաքելութեան։
Հայկական լրատուական ցանցը, «Ասպարէզ»ի խմբագրական կազմը, անձնակազմը եւ վարչութիւնը իրենց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն Վահան Շամլեանի այրիին, երկու դուստրերուն եւ թոռնիկներուն։