Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան գործադիր տնօրէն Զաւէն Խանճեան յայտարարեց Արէն Տէյիրմէնճեանի նշանակումը՝ իբրեւ ընկերակցութեան ներկայացուցիչ Հայաստանի մէջ, 1 Սեպտեմբեր 2022էն սկսեալ։
Արէն Տէյիրմէնճեան երեք տարիներ առաջ, իր ծննդավայր Պէյրութէն տեղափոխուեցաւ Հայաստան՝ միանալու Աւետարանչականի Երեւանի Բաղրամեան պողոտային վրայ գտնուող կեդրոնատեղիի կազմին՝ իբրեւ ընկերակցութեան Հայաստանի ներկայացուցիչի տեղակալ։
Արէնի՝ հաւատքով անցած ճանապարհորդութիւնը զինք տարաւ այն վայրը, զոր ան կ՛անուանէ «արթնութեան գործընթաց», որ մղեց զինք հասկնալու, թէ ան պէտք է իր ետին ձգեր իր տան հանգիստը եւ ուղղուի դէպի անյայտը՝ իմաստ եւ նպատակ գտնելու համար։
Արէնը ընտանեկան արտադրական ընկերութեան մը մէկ աշխատակիցն էր 2013ին, Ամերիկեան համալսարանը աւարտելէն եւ հողատարածքի զարգացման (landscape architect) վկայականը ստանալէն ետք։
Ան նաեւ խորապէս ներգրաւուած էր Պէյրութի ԷշրէՖիէ շրջանի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ աշխատանքներուն մէջ՝ իբրեւ երիտասարդական խումբի գլխաւոր առաջնորդ եւ քրիստոնէական «Ջանից» ընկերակցութեան անդամ։
2016ին, Զուիզերիոյ Մոնթրօ քաղաքի նոյն անունով համալսարանէն MBA աստիճանը ստանալէն մէկ տարի ետք, երբ Աւետարանչականի Հայաստանի ներկայացուցիչի տեղակալի պաշտօնը իրեն առաջարկուեցաւ՝ ան մտածեց, թէ յարմար ժամանակն էր իր ընտանիքին պատկանող արտադրական ընկերութենէն դուրս գալու եւ իր ղեկավարութեան փորձառութիւնը ու հոգեւոր աճը ի գործ դնելու բարեսիրական եւ քրիստոնէական ոլորտին մէջ։
Իբրեւ Հայաստանի Աւետարանչականի ներկայացուցիչի տեղակալ՝ Արէնի ամէնօրեայ պարտականութիւնները կը ներառէին շինարարական նախագիծերու տնտեսումը, ֆինանսական կազմի հետ կապը, պիւտճէի պատրաստութիւնը եւ դրամաշնորհային առաջարկներու պատրաստութիւնը։ Ան նաեւ կ՛այցելէր ընկերակցութեան զանազան կեդրոնները՝ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ, մօտէն ծանօթանալու համար իւրաքանչիւր տարածաշրջանի համայնքներու կարիքներուն ։ Ան սերտօրէն համագործակցած է Աւետարանչականի Հայաստանի ներկայացուցիչ Յարութ Ներսէսեանի հետ՝ ռազմավարութիւնները նախանշելու, ինչպէս նաեւ ներկայ եւ անցեալ ծրագիրները շահագրգիռ կողմերու հետ գնահատելու համար։
Արէնը նաեւ երաժիշտ է։ Ստացած է դասական եւ Ճեզ դաշնամուրի գիտական աստիճան եւ նուագած «Նոր Երգ» հոգեւոր երգերու երաժշտական խումբին հետ։ Ան իր ազատ ժամանակները կ՛օգտագործէ դաշնամուր նուագելով, վայելելով Հայաստանի հարուստ երաժշտական աշխարհը, ճամբորդելով, մարզանքով եւ կարդալով: Անոր ծառայութեան մղիչ ոյժն է մնալ հնազանդ ծառայ եւ փորձել իրականացնել այն, ինչը Տէրը դրած էր իր առջեւ։
«Խանդավառ ենք նշանակումովը Արէն Տէյիրմէնճեանի ՝ իբրեւ ընկերակցութեան Հայաստանի ներկայացուցիչ, որովհետեւ ան ցուցաբերած է նուիրուածութիւն եւ ջանասիրաբար ծառայած Աւետարանչականի առաքելութեան յառաջխաղացման համար Հայաստանի մէջ», ըսաւ Խանճեան աւելցնելով՝ «Տարակոյս չկայ, որ անոր կառավարման անցուցած փորձառութիւնը պիտի օգնէ յառաջ մղելու Աւետարանչականի աշխատանքը Հայաստանը մէջ»: