ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան 15 Օգոստոսին ընդունեց 44օրեայ պատերազմին զոհուած եւ անյայտ կորսուած զինուորներու հարազատներու միութեան խումբ մը անդամներ:
Քննարկուեցան միութեան գործունէութեան վերաբերող հարցեր:
Անդրադառնալով շփման գիծին մէջ վերջին լարուածութեան եւ Արցախ-Հայաստան այլընտրանքային ուղիի հարցին՝ Յարութիւնեան նշեց, թէ խօսքը նոր միջանցքի մը մասին է, որուն պահպանութիւնը, ըստ 9 Նոյեմբերի 2020ի եռակողմ յայտարարութեան, պիտի կատարեն Արցախի մէջ տեղակայուած Ռուսիոյ խաղաղապահները: