ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, Ս. Աստուածածին վանքի Ուխտի օրը հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Շաբաթ, 13 Օգոստոս 2022ի երեկոյեան, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի համալիրին մէջ:
Բացօդեայ Սրբոց Նահատակաց Ս. խորանին վրայ Ս. եւ անմահ պատարագը մատուցեց Կոմիտաս արք. Օհանեան, իսկ Ս. պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը՝ խմբավարութեամբ Զաւէն վրդ. Նաճարեանի:
Ս. պատարագի աւարտին, վեհափառը Հայրապետական թափօրով Ս. խորան բարձրացաւ եւ կատարեց մատաղի ու խաղողի օրհնութեան կարգը՝ աղօթք բարձրացնելով առ բարձրեալն Աստուած, որ Ս. Հոգիին շնորհները ղրկէ մատաղին եւ խաղողին վրայ, Իր ողորմութեամբ օրհնէ զանոնք, ընդունի հաւատացեալներուն ուխտը եւ օրհնուած խաղողէն ու մատաղէն ճաշակողներուն իղձերը:
Հուսկ, հայրապետը փոխանցեց իր Հայրապետական պատգամը:
Ան ներկայ եւ առցանց դրութեամբ հետեւող մեր ժողովուրդի զաւակները հրաւիրեց, աղօթք դարձած, Ս. Մարիամ Աստուածամօր ոգեղէն ներկայութեամբ եւ օրհնութեամբ լեցուն հոգեպարար պահուն, դառնալու Ս. Կոյսին, որպէսզի անոր բարեխօսութիւնը հայցելով խաղաղութիւն տիրէ հայոց աշխարհին եւ միասնականութիւն՝ մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ, որպէսզի մեր կեանքէն հեռանան տագնապ եւ տառապանք, ցաւ, հիւանդութիւն ու չարիք, որպէսզի մեր կեանքը լեցուի առողջութեամբ, երջանկութեամբ, գործոց բարեաց յաջողութեամբ եւ երկնային բարիքներով:
Առաջին հերթին, հայրապետը յիշեց Ս. Աստուածածին վանքի Ուխտի օրուան նախորդող շաբթուան ընթացքին, ամէնօրեայ դրութեամբ, մեր Ս. Աթոռին երիտասարդ միաբան հայրերուն կողմէ կատարուած հոգեւոր խորհրդածութիւնները, որոնց ճամբով մեր ժողովուրդի զաւակները հաղորդակից դարձան Ս. Մարիամ Աստուածածնի իւրայատուկ տեղին ու դերին մեր հոգեւոր ու ազգային կեանքին մէջ: Արդարեւ, կաթողիկոսը ըսաւ, որ վանքի Ուխտի օրուան առիթով արտասանուած Հայրապետական պատգամին ընթացքին ընդհանրապէս կ՛անդրադառնանք մեր ժողովուրդը յուզող համահայկական խնդիրներու ու մտահոգութիւններու: Այդ օրուան իր հայրական խօսքին խորագիրն է «Մեր հոգեւոր, բարոյական, մշակութային եւ ազգային պատկանելիութեան վերաշեշտում»: Այս ծիրին մէջ, հայրապետը անդրադարձաւ վերաշեշտման տուն տուող հիմնական դրդապատճառներուն եւ զանոնք դիմագրաւելու ազդու միջոցներուն՝ սկսելով համաշխարհայնացման ժխտական ազդեցութիւններէն, որոնք մեր ազգը կը հեռացնեն ազգային արժէքներէ եւ կը քանդեն ամէն տեսակի ինքնութեան հաւատարմութիւն եւ պատկանելիութեան ինքնահասկացողութիւն: Կաթողիկոսըը յիշեցուց, որ հայ ազգը իր գոյութենական պայքարի ամէնէն դաժան պահերուն իսկ կրցած է տոկալ եւ այդ մէկը եղած է շնորհիւ չորս սրբազան կառոյցներու՝ ընտանիք, եկեղեցի, դպրոց, հայրենիք:
Հայրապետը խոր մտահոգութեամբ անդրադարձաւ յիշեալ կառոյցներուն պարզած ներկայ քաոսային կացութեան: Այսօր, ցաւ ի սիրտ, դառն ճշմարտութիւնն այն է, որ մեր կառոյցներուն մէջ զգալիօրէն կը տեսնենք օտար ամուսնութիւններու եւ օտար վարժարաններ յաճախող աշակերտներու թիւի աճ, որոնք փոխանակ օտարը հայացնելու, բռնած են հայը օտարացնելու ճամբան: Մեր կառոյցներուն ժամանակավրէպ ըլլալնուն պատճառով, երիտասարդութիւնը կը հեռանայ անոնցմէ, ի մասնաւորի եկեղեցիէն, որովհետեւ եկեղեցին ալ, իր կարգին, ներկայ աշխարհին պայմաններուն դիմաց, կարիքը ունի ինքզինք վերանորոգելու եւ բարեկարգելու, միշտ հաւատարիմ մնալով իր հոգեւոր, բարոյական ու ազգային դիմագիծին:
Արամ Ա. կարեւորութեամբ ընդգծեց, որ 2022 թուականը Հայրապետական հռչակագրով «Սփիւռքի տարի» հռչակելը պարագայական երեւոյթ չէր, այլ մեկնած էր այն համոզումէն, որ Սփիւռքը կարիքը եւ անհրաժեշտութինը ունի վերակազմակերպուելու ու վերակենսաւորուելու, բառին ամբողջական հասկացողութեամբ: Ան դիտել տուաւ, որ մեր կառոյցները, դժբախտաբար, չեն կրցած ժամանակի պահանջներուն հետ քայլ պահել. անոնք միայն փորձած են եղածը պահել, իսկ եղածը պահել կը նշանակէ անցեալ դառնալ: ««Սփիւռքի տարի» հռչակելով՝ Մեր նպատակն է մեր ժողովուրդը արթնցնել, զգաստացնել, մեր պատասխանատուները հրաւիրել վերանորոգելու, վերակազմակերպելու եւ վերաշխուժացնելու մեր կառոյցները, միշտ համահունչ ներկայ ժամանակներու մարտահրաւէրներուն, նաեւ՝ հաւատարիմ մեր արժէքներուն, սկզբունքներուն եւ աւանդութիւններուն», ըսաւ վեհափառը: Շարունակելով իր խօսքը՝ ան յայտնեց, որ այսօր առաւել քան երբեք, երբ մեր ինքնութիւնը սկսած է այլ գոյն ստանալ, Սփիւռքի ներկայ դժուար պայմաններուն մէջ, մենք կարիքը ունինք բիւրեղացման եւ վերակազմակերպման։ «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսոթիւնը, իր թեմերով եւ ժողովական կառոյցներով, լծուած է այս կենսական աշխատանքին: Մեր բոլոր գաղութները կարիքը ունին վերակազմակերպուելու եւ այս ծիրէն ներս յատուկ դեր վերապահուած է մեր երիտասարդներուն, մտաւորականներուն եւ փորձագէտներուն, որոնք կոչուած են մասնակից դառնալու Սփիւռքի վերակազմակերպման անյետաձգելի եւ հաւաքական աշխատանքին», հաստատեց կաթողիկոսը:
Ապա, ան անդրադարձաւ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք երրորդութեան եւ ընդգծեց, որ Հայաստանի հզօրացումը եւ Արցախի անկախութեան ամրապնդումը, ինչպէս նաեւ մեր ժողովուրդի իրաւունքներուն հետապնդումը անհրաժեշտ կարիքը ունին հզօր Սփիւռքի՝ իր մարդուժով, լայն կարելիութիւններով եւ ուժեղ կարողականութեամբ, որուն մէջ իր կարեւոր ներդրումը եւ դերակատարութիւնը ունի Հայաստանը: Առ այդ, հայրապետը կոչ ուղղեց ամբողջ հայութեան՝ չբաժնելու Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք երրորդութիւնը եւ խորացնելու ազգային գիտակցութիւնը ու վերաշեշտելու հոգեւոր, բարոյական, մշակութային եւ ազգային պատկանելիութիւնը. «Ա՛յս է մեր ժողովուրդին հզօրութեան, գոյութեան ու յաւերժութեան միակ ճամբան», եզրափակեց հայրապետը:
Ս. պատարագի աւարտին, ներկայ հաւատացեալները հաղորդակից դարձան մեր Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի Ս. մարմնին եւ Ս. Արեան ու իբրեւ օրհնութիւն եւ ուխտի կատարում՝ իրենց հետ տարին օրհնուած մատաղն ու խաղողը: