ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Կիրակի, 14 Օգոստոսին, Երեւանի ժամանակացոյցով կէսօրուան ժամը 1:23ին, Երեւանի Արշակունեաց 15 հասցէին մէջ գտնուող «Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնին մէջ մեծ պայթում մը պատահեցաւ՝ պատճառելով 10 զոհեր եւ 61 վիրաւորներ: Հրդեհին եւ պայթումին պատճառով, եռայարկանի շինութիւնը մասնակիօրէն քանդուեցաւ:
Շուտով դէպքի վայրը ուղղուեցան արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան Երեւան քաղաքի փրկարարական վարչութեան հրշէջ-փրկարարական ջոկատներ, որոնք նոյն օրը եւ 15 Օգոստոսին աշխատանքները շարունակեցին, մանաւանդ՝ որոնումները, որովհետեւ սկիզբը կը կարծուէր, որ 22 անձեր կը նկատուին անյայտ կորսուած, որոնց մէջ կան Իրանի 6 քաղաքացիներ եւ ռուս մը, սակայն, աւելի ուշ, արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան բանբեր Հայկ Կոստանեան ընկերային ցանցի մը վրայ յայտնեց, թէ Իրանի դեսպանութենէն տեղեկացուցին, որ անյայտ կորսուած 6 իրանցիներէն 5ը կը գտնուին Վրաստան։
Հայաստանի արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւնը յայտարարեց, որ 99 տոկոսով համոզուած է, որ «Սուրմալու» կեդրոնին մէջ պատահած պայթումը ահաբեկչական արարք չէ: Արտակարգ իրավիճակներու նախարար Արմէն Փամբուխչեան ըսաւ, թէ պայթումի պահը ուսումնասիրելով՝ ակնյայտ կը դառնայ, որ ահաբեկչական արարքի տուեալներ չկան, որովհետեւ նախ սկսած է հրդեհ, ծուխ բարձրացած է, այնուհետեւ պատահած է պայթումը: «Այսինքն ինչ-որ չափաբաժին կրակ է եղել, այնուհետեւ տարածուել է պայթուցիկ նիւթերի վրայ: Սա, ըստ արտակարգ իրավիճակների նախարարութեան, 99 տոկոսանոց ճշմարտութիւն է», ըսաւ ան:


15 Օգոստոսին հաղորդուեցաւ, որ վիրաւորներէն 47ը համապատասխան բուժումներ ստացած եւ տուն վերադարձած են, իսկ մնացեալը տարբեր հիւանդանոցներու մէջ բուժման կ՛ենթարկուին:
Հայաստանի արտակարգ իրավիճակներու նախարարի առաջին տեղակալ Արտիւշ Գրիգորեան 15 Օգոստոսի երեկոյեան յայտարարեց, որ Երեւանի «Սուրմալու» կեդրոնի տարածքին մէջ հրդեհը մարելու աշխատանքները բոլորովին դադրեցուած են։ «Հրդեհաշիջման աշխատանքներն ամբողջովին դադարեցուել են, բացառապէս կենտրոնացած ենք որոնողափրկարարական աշխատանքների վրայ: Հրդեհի նոր օջախներ երբեմն կարող են բռնկուել, սակայն անմիջապէս կրակի տարածումը կանխւում է», յայտնեց ան:
Գրիգորեան տեղեկացուց, որ կը քննարկուի պայթումին պատճառով կիսաքանդ մնացած շէնքի սիւներու վնասազերծման աշխատանքներ իրականացնելու հարցը՝ դիտել տալով, որ կայ կառոյցի ամբողջական փլուզման վտանգ:
15 Օգոստոսին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այցելեց Երեւանի «Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնի տարածքը, ուր անոր ներկայացուեցաւ որոնողափրկարարական եւ հրդեհի մարման աշխատանքներուն ընթացքը:
Հայաստանի քննչական կոմիտէի Երեւան քաղաքի քննչական վարչութեան ծանր յանցագործութիւններու քննութեան բաժինէն հաղորդեցին, որ, ըստ ստացուած տուեալներու, պայթումին պատճառով վնասուած են նաեւ առեւտուրի կեդրոնի տարածքին մէջ գտնուող տաղաւարներ, ինչպէս նաեւ՝ յարակից շինութիւններ եւ հոն կանգնած ինքնաշարժներ:


«Այս պահին դէպքի վայրում շարունակում է աշխատել քննչական խումբը. հարցաքննուել են երկու տասնեակից աւելի քաղաքացիներ, նշանակուել են համապատասխան փորձաքննութիւններ: Պարզւում են առեւտրի կենտրոնի տարածքում գործունէութիւն իրականացնող տնտեսվարողների, աշխատակիցների ինքնութիւնները, յանձնարարութիւններ են տրուել հետաքննութեան մարմիններին», կը նշուի Հայաստանի քննչական կոմիտէի տարածած հաղորդագրութեան մէջ։
Միւս կողմէ, 15 Օգոստոսի երեկոյեան, արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւնը տեղեկութիւն ստացաւ, որ մեթրոյի բոլոր կայարաններուն, զինուորական եւ քաղաքացիական բոլոր կարեւորագոյն կառոյցներուն, առեւտուրի բոլոր կեդրոններուն, կենդանաբանական այգիին, Ազգային ժողովին, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ պայթուցիկ սարքեր տեղադրուած են: Իսկոյն քաղաքացիները հանուած են նշեալ վայրերէն:
Աւելի ուշ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւնը հաստատեց, որ ոչինչ գտնուած է, եւ մեթրոյի աշխատանքները վերսկսած են: