Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան վերականգման 15ամեակին առիթով Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւ- մտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութիւն մը այցելութիւն տուաւ Հայաստանի Լոս Անճելըսի ընդհանուր հիւպատոսութեան՝ պաշտօնապէս շնորհաւորելու անկախութեան տարեդարձը:
Հ.Յ.Դ. պատուիրակութիւնը հիւպատոսութիւն այցելեց Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 25, 2006ի ուշ յետ միջօրէին: Հիւպատոսութեան կողմէ պատուիրակութեան հետ հանդիպում ունեցան հիւպատոս Արթուր Մատոյեան, փոխհիւպատոս Յարութ Գոճոյեան եւ անձնակազմի անդամ Յակոբ Յովհաննիսեան: Հ.Յ.Դ. Կ.Կ.ի անդամ ընկերներ Գարեգին Խանճեան եւ Ժան Գոսագեան շնորհաւորելով անկախութեան տարեդարձը, անդրադարձան այն իրողութեան, որ ոչ միայն իրականացած է անկախութիւն երազող ու անկախութեան գաղափարին համար զոհաբերող սերունդներուն երազը, այլեւ այսօր ունինք հայրենիք մը, որ իր շուրջ սկսած է համախմբել համայն հայութիւնը: Այս առումով մտքերու փոխանակում տեղի ունեցաւ նոր իր լրումին հասած Հայաստան-Սփիւռք խորհրդաժողովի մասին:
Հ.Յ.Դ. ներկայացուցիչները դրական կերպով անդրադարձան Ցեղասպանութեան ճանաչման գծով այսօրուան Հայաստանի պետականութեան ստանձնած դերակատարութեան, ինչպէս նաեւ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքին զօրավիգ կանգնելու աննկուն կամքին: Հ.Յ.Դ. ներկայացուցիչները նաեւ յայտնեցին հիւպատոսութեան ու Ուաշինկթընի դեսպանատան առաքելութեան գծով շրջանի Հ.Յ.Դ. կազմակերպութեան ցուցաբերած հետեւողական զօրակցութեան մասին: Այս առումով, նշուեցաւ, որ Հոկտեմբեր 23ին Ուաշինկթընի մէջ կայանալիք Հայաստանի Հանրապետութեան տարեդարձի տօնակատարութեան հետ զուգահեռ բացումը պիտի կատարուի նաեւ Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Ուաշինկթընի գրասենեակին: Այս զոյգ ձեռնարկները գնահատուեցան իբրեւ հայ ժողովուրդի յաղթանակի արգասիքը: