ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ռոյթըրզ».- Լիբանանի խորհրդարանի Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 31ի նիստին, որուն ներկայ էր կառավարութիւնը՝ գլխաւորութեամբ վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի, նախագահին ընդդիմադիր երեսփոխաններ խստօրէն քննադատեցին նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան հարցով միջազգային ատեանի կազմութեան օրինագիծին մասին նախագահ Էմիլ Լահուտի կողմէ արձանագրուած նկատողութիւնները։
Երեսփոխան Պահիա Հարիրի իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ Լահուտի կողմէ ցուցաբերած կեցուածքը կրնայ միջազգային ատեանը կազմելու ջանքերը ջլատել։ Իր կարգին, Սինիորա հարց տուաւ, թէ ինչո՞ւ նախագահ Լահուտ նախապէս իր այդ նկատողութիւնները չէ ներկայացուցած կառավարութեան նիստերուն եւ խորհրդակցութիւններուն ընթացքին։
Պատասխանելով այս յայտարարութիւններուն, Լահուտ յիշեցուց, թէ ինք առաջին պահանջողը եղած է միջազգային ատեանի մը կազմութեան, սակայն պայմանով, որ այդ ատեանը չքաղաքականացուի։
Լահուտ զարմանք յայտնեց Սինիորայի կատարած յայտարարութեան առնչութեամբ եւ հարց տուաւ. «Ինչպէ՞ս ան կը փափաքի, որ ես նման ձեւով չհակազդեմ, երբ միջազգային դատական ատեանի բնոյթին մասին բանակցութիւններ կը կատարուին Պէյրութի եւ ՄԱԿի միջեւ, առանց նախագահը տեղեակ պահելու այդ բանակցութիւններէն»։