ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Հայաստան-Արցախ կապը առնուազն մինչեւ Օգոստոսի աւարտը պիտի ապահովուի Լաչինի գործող միջանցքով, մինչեւ որ պատրաստ ըլլայ ժամանակաւոր ճամբան, «Ազատութեան» հետ ունցած զրոյցին ընթացքին ըսաւ Արցախի խորհրդարանի իշխող «Ազատ հայրենիք-Քաղաքացիական միացեալ դաշինք» խմբակցութիւնը ղեկավարող Արթուր Յարութիւնեան:
Մինչեւ յաջորդ տարուան գարունը` Լաչինի միջանցքի նոր երթուղիի Կոռնիձորի հատուածի շինարարութեան աւարտը, ժամանակաւոր այս ուղին պիտի գործէ: Երբ պատրաստ ըլլայ ճամբան, արցախցի պատգամաւորներուն ռուսական զօրակազմէն վստահեցուցին, որ ռուս խաղաղապահները պիտի տեղակայուին այնտեղ:
«Գործող միջանցքով մինչեւ ամսուայ վերջ գործելու է, ռուսական խաղաղապահները տեղակայուած են լինելու հիմա գործող միջանցքում, էն մի ճանապարհը պատրաստ լինելու եւ այդ անվտանգային հարցերը կարգաւորուելուն պէս անցնելու են նոր ճանապարհի երկայնքով: Շինարարները պէտք է աւարտեն, հիմա կարող ա 1ին աւարտուի, 3ին, 4ին, կամ 31ին` ըստ շինարարական աշխատանքի գրաֆիկի», յայտնեց Յարութիւնեան:
Պատասխանելով «Ազատութեան» այն հարցումին, որ՝ եթէ ճամբան պիտի սկսէր օգտագործուիլ Սեպտեմբեր 1էն, ի՞նչ նպատակ ունէր Աղաւնոյէն, Բերձորէն մարդիկը այսքան արագ հանելը՝ ան ըսաւ. «Ժամանակին այդ ամէն ինչը կազմակերպուել է, որովհետեւ էնտեղ ենթակառուցուածքների խնդիր կայ, իրանց ունեցուածքը հանելու եւ մնացած բոլոր մասերը: Այսինքն` տենց արագ էլ չէր, ուղղակի ժամանակին այդ ամէն ինչը կազմակերպուել է, որպէսզի օրերի հարց չլինի»:
Ատրպէյճանական լրատուամիջոցներով կը տարածուին տեսանիւթեր, որոնց մէջ կը տեղեկացուի, որ իբրեւ թէ Լաչինի միջանցքին մէջ ռուս խաղաղապահները սկսած են կազմաքանդման աշխատանքներուն: Հ Տեսանիւթերուն հեղինակները կ՛եզրակացնէ, որ ասիկա կը նշանակէ, թէ խաղաղապահները կարճ ժամանակ ետք պիտի հեռանան այնտեղէն, եւ միջանցք պիտի չըլլայ այլեւս:
Նախօրէին Արցախի Ազգային ժողովի 5 խմբակցութիւններու ղեկավարներ հանդիպում ունեցան Արցախի մէջ տեղակայուած ռուսական խաղաղապահ ուժերու հրամանատար Անտրէյ Վոլքովին հետ: Ըստ հանդիպման մասնակցած Արթուր Յարութիւնեանի՝ Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպանութեան խորհրդական-դեսպանորդ Մաքսիմ Սելեզնիովի յայտարարութիւնը, թէ «ռուս խաղաղապահները «ոչ մէկ սանթիմեթր պիտի շարժին Լաչինի գործող միջանցքէն, այնքան ատեն որ նոր ուղին չէ օգտագործուած», երկիմաստ էր, նաեւ այդ հարցը կ՛ուզէին պարզաբանել ռուս խաղաղապահ զօրակազմէն։
«Այսինքն` խօսքը վերաբերւում է հիմնական ճանապարհին, թէ` այլընտրանքային, որը ժամանակաւոր պէտք է օգտագործուի, մինչեւ նոր հիմնական ճանապարհի կառուցումը, ու պարզաբանում տրուեց, որ խօսքը վերաբերում է այլընտրանքային ճանապարհին, որը մինչեւ այս ամսուայ վերջ պէտք է արդէն պատրաստ լինի` 11.8 կմ.ին փոխարինող 4 կմ,, որը դուրս է գալիս Աղաւնոյի վերեւի հատուած: Այդ ճանապարհը պատրաստ լինելուն պէս, հիմնական ամբողջ ճանապարհի նոր երթուղու վրայ, որը անցնում է Հին Շէն, Մեծ Շէն գիւղերով, այդ ճանապարհի ամբողջ երկայնքով նոյն միջանցքի տրամաբանութիւնն է գործելու, այսինքն ռուսական խաղաղապահ զօրակազմը տեղաւորուելու է արդէն նոր ճանապարհի երկայնքով», ըսաւ Յարութիւնեան:
Ռուս խաղաղապահ զօրակազմի պատասխանատուները, ըստ Արցախի Ազգային ժողովի խմբակցութիւններուն տարածած յայտարարութեան, 23 Օգոստոսի հանդիպման ընթացքին վստահեցուցին, որ Հայաստանին կապող նոր երթուղին պիտի ունենայ գործող միջանցքի նոյն կարգավիճակը` ապահովութեան բոլոր բաղադրիչներու պահպանումով` 5 քիլոմեթրնոց ապահովութեան գօտիէն մինչեւ Ռուսիոյ խաղաղապահ ուժերու անցակէտերու տեղակայումը:
Թէ՛ իշխող «Ազատ հայրենիք-Քաղաքացիական միացեալ դաշինք» խմբակցութեան ղեկավար Արթուր Յարութիւնեան, թէ՛ ընդդիմադիր Դաշնակցութեան ղեկավար Արթուր Մոսիյեան վստահեցուցին, որ ժամանակաւոր ճամբու պարագային ալ ապահովութեան գօտին պէտք է ապահովուի:
«Մեզ հաւաստիացրել են, որ նոյն միջանցքի տրամաբանութիւնն է գործելու, 2.5-2.5 անվտանգութեան գօտիով, այնտեղ կան ադրբեջանական զինուած ուժերի յենակէտեր, որոնք պէտք է դուրս բերուեն այդ հատուածից, յետոյ արդէն նոր ճանապարհով երթուղին կազմակերպեն», նշեց Յարութիւնեան:
«Եթէ միջանցք է, ճանապարհից աջ ու ձախ 2.5 կմ հեռաւորութեան վրայ ոչ մի դիրք չպիտի լինի` բացի ռուս խաղաղապահների դիրքից», դիտել տուաւ Մոսիյեան:
Արցախի քաղաքաշինութեան նախարար Արամ Սարգսեան մէկ շաբաթ առաջ «Ազատութեան» ըսած էր, որ մինչեւ 25 Օգոստոս, թերեւս ալ աւելի կանուխ, պիտի աւարտին Հայաստանը Արցախին կապող ժամանակաւոր ճանապարհի շինարարութիւնը: Ի՞նչ էր ձգձգման պատճառը՝ հարցումին նախարարը արձագանգեց՝ ըսելով. «Էն ժամանակ պլանաւորել էինք, որ խճապատած լինի ճանապարհը, էդ ամսի 23ի դրութեամբ աւարտել ենք, հիմա խնդիր են դրել, որ ասֆալտապատում ենք, հիմա էլ ասֆալտապատում ենք, մի 3-4 օրուայ ընթացքում կ՛աւարտենք»:
Իշխանութենէն հնչող յայտարարութիւններուն զուգահեռ, որ Հայաստանի հետ կապը տակաւին քանի մը օր Լաչինի գործող միջանցքով պիտի ըլլայ, Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը կոչ ուղղեց կառավարութեան՝ պատշաճ կերպով իրազեկ դարձնել հանրութիւնըը, նաեւ՝ ճամբաներու կառուցման եւ երթուղիներու փոփոխութեան վերաբերեալ: «Ազատութեան» հետ զրոյցին ընթացքին Գեղամ Ստեփանեան ըսաւ. որ պաշտօնական իրազեկում չէ եղած Արցախի մէջ, իր յայտարարութիւնը նաեւ այդ առիթով էր: