Պոլսոյ Հայոց Սահակ Բ. պատրիարքը 12 Օգոստոսին ժամանեց Վագըֆգիւղ եւ դիմաւորուեցաւ գաւառի հոգեւոր հովիւ Աւետիս քհնյ. Թապաշեանի եւ գիւղացիներուն կողմէ, որոնք պատրիարքը ողջունեցին խրախճանքի երաժշտութեամբ։
Պատրիարքը 13 Օգոստոսի երեկոյեան գիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց կանոնական երեկոյեան ժամերգութեան։ Յաւարտ ժամերգութեան, եկեղեցւոյ մուտքին կատարուեցաւ աղի օրհնութեան կարգը։ Այս աղն է, որ կը դրուի մատաղօրհնութեան առթիւ պատրաստուած հարիսայի կաթսաներուն մէջ։
Պատրիարքը ընթրիքի սեղանով պատուըւեցաւ գիւղի «Մուսա Լեռ» ճաշարանին մէջ։
Երբ գիշերը սկսաւ իջնել Մուսա լերան վրայ, Վագըֆգիւղի հրապարակին վրայ սկսաւ նաեւ տօնական խրախճանքը։ Տարիներու աւանդութիւն է, որ Ս. Աստուածածինի վերափոխման տօնի նախորդ գիշերը, գիւղի ժողովուրդը եւ ուխտաւորները մինչեւ կէս գիշեր կը զուարճանան երգով ու պարով։ Նոյնը կատարուեցաւ նաեւ այս տարի։
Կէս գիշերին, պատրիարքը, իր շուրջ ունենալով հոգեւոր հայրերը՝ եկաւ հերիսայի կաթսաներուն գլուխը եւ միաբերան արտասանուած աղօթքով վառեց կրակը։
Վերափոխման տօնին առթիւ կազմակերպուած ուխտագնացութիւնը իր կատարին հասաւ տաղաւարի Ս. պատարագով։
Պատրիարքը 14 Օգոստոսի առաւօտեան նախագահեց Մուսա Լերան Վագըֆգիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած պատարագին։
Քարոզի աւարտին, պատրիարքը թափօրով առաջնորդուեցաւ պարտէզը, ուր կատարուեցաւ խաղողօրհնէք։
Պատարագը ուղիղ եթերով սփռուեցաւ համացանցի միջոցաւ։
Հուսկ, պատրիարքը առաջնորդուեցաւ հերիսայի կաթսաներուն գլուխը եւ օրհնեց Մուսա լերան աւանդական հերիսան։ Ապա ներկաները ստացան իրենց խաղողի եւ հերիսայի բաժինները։ Այսպէսով իր աւարտին հասաւ նաեւ Մուսա լերան այս տարուան աւանդական ուխտագնացութիւնը։
Տաղաւարի երկրորդ օրը՝ 15 Օգոստոսին, Մեռելոց յիշատակին առթիւ, Մուսա լերան Վագըֆգիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ ճաշու ժամ կատարուեցաւ, նախագահութեամբ պատրիարք հօր։
Յաւարտ ժամերգութեան, պատրիարքը առաջնորդուեցաւ գիւղի գերեզմանատունը, ուր պաշտօն կատարուեցաւ համայն ննջեցելոց հոգւոց ի հանգիստ։
«ԱԿՕՍ»