ՍՈՆԱ ՄԱՏԱՐԵԱՆ
Նոր խրախուսանքի նոր դռներ կը բացուին՝ հին եւ նոր պաշտօնակիցներով ու նոր դասընկեր-դասընկերուհիներով:
Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանը իր 53րդ ուսումնակրթական նոր տարեշրջանի դռները բացաւ՝ «Փիլիպոս»ի մեծ ընտանիքը նոր կրթաշրջանի մը վերելքի հաւատքով եւ խանդավառութեամբ պարուրելու համար։ Դպրոցը ինչպէս միշտ, մեծ սիրով եւ առաւել հպարտութեամբ ընդունեց անցեալի եւ նոր տարեշրջանի վարժարանիս միացած աշակերտները։ Այս վերջինները մեծ տատամսումով կը դիտէին իրենց շուրջի անցուդարձը՝ սպասելով «մօտալուտ» ծանօթ եւ կայուն ընկերային մթնոլորտի մը:
Դպրոցին շրջափակը կը խայտար կարօտի ողջագուրումներով եւ պատանեկան հարազատ կանչերով:
Տնօրէնութիւն, պաշտօնէութիւն, ուսուցիչներ եւ աշակերտներ, լայն ժպիտներով եւ փայլփլող աչքերով՝ նոյն բանը կը փնտռէին կարծես, բարեւել եւ ողջագուրել զիրար՝ յատկապէս համաճարակի մեկուսացման օրէնքներէն ձերբազատած:
Կապոյտի երանգներով եւ սպիտակ փուչիկներու զարդարուն կապոցները դպրոցի մուտքին, բարձր տրամադրութեամբ, վարժարանս յատուկ բծախնդրութեամբ կ՛ընդունէր այս մեծ ընտանիքին մաս կազմող իւրաքանչիւր՝ հին ու նոր անդամը:
Պահը եկած էր… Ծնողները հրաժեշտ տուին իրենց զաւակներուն, յանձնելով զանոնք վարժարանիս հոգատար անձնակազմին:
Դպրոցի ամբողջական անձնակազմը եւ աշակերտները մարզասրահին մէջ, օրինաւոր եւ հեզասահ կարգերով ու շարքերով գրաւեցին իրենց նշանակուած տեղերը, անհամբեր սպասելով 2022-2023 վերամուտի յատուկ յայտագիրին:
Բարի վերամուտի եւ ժրաջան աշխատանքի ու փայլուն արդիւնքներու ձեռքբերման մասին հարազատ իր խօսքը արտասանեց միջնակարգ եւ երկրորդական բաժինի տնօրէնի օգնական տոքթ. Սեւան Շէրիքեան՝ բարձր գնահատելով վարժարանիս անցեալի յաջողութիւնները եւ նոր հանգրուանին գալիք փայլուն ձեռքբերումներու ակնկալիքով քաջալերեց աշակերտները՝ արդար աշխատանքի նոր սկիզբ մը ունենալու. ապա հրաւիրեց վարժարանիս Աշակերտական խորհուրդի զոյգ ներկայացուցիչները, որոնք արտասանեցին Տէրունական աղօթքը եւ երկլեզու աշակերտական ուխտերը, ապա նախագահը խորհուրդին խօսքը փոխանցեց։ Նոր տարեշրջանի մը ընկերային առողջ եւ շինիչ մթնոլորտին ընթացքին ի տես՝ մանկապարտէզէն մինչեւ աւարտական դասարանի խումբ մը աշակերտներ խրախուսիչ եւ հաղորդական յատուկ պատգամներով՝ յաջորդաբար արտասանեցին այս տարեշրջանի մեր վարժարանի նշանաբանը դարձած՝ «Միասնութիւնը ուժ է» խօսքին հետ առընչութիւն ունեցող զանազան լօզունգներ, ինչպէս՝ «Ես մարդասէր եմ», «Մենք նուիրեալներդ ենք», «Ես յանդուգն եմ», «Մենք մարտիկներ ենք», «Ես եմ «Փիլիպոսը»», «Մենք ենք «Փիլիպոսը»», «Մենք ենք մեր հայրենիքը», եւ այլն:
Խօսք առաւ վարժարանիս տնօրէնուհին՝ Մարալ Դաւիթեան, որ իր սիրալիր ժպիտով կանգնած էր գրակալի ետին՝ սրտափուխ իր խօսքը փոխանցելու աշակերտներուն եւ ուսուցչական կազմին: Անոր խօսքին մէջ կար շեշտը վարժարանի արդար վերելքին։ «Բարի վերադարձը եւ բարի վերամուտը սկիզբն է, կէս դար եւ աւելի ծառայած ու թեւեր առած եւ նուաճած մեր սիրելի «Փիլիպոսը»ի մեծ ընտանիքի արդար վաստակին», ըսաւ ան՝ աւելցնելով. «Այս պահուս, մենք միասին վերանորոգ եւ ինքնավստահ քայլերով կը բանանք մեր դէմ առաւել պատրաստակամ, առաւել ամրապնդուած եւ առաւել լուսաւոր նոր հորիզոններ՝ կրթութեան եւ գիտութեան բարձր մակարդակներով, որուն հիմքը պիտի զօրանայ անկասկած՝ մեր ազգային խոր արմատներով եւ մարդկային բարձր արժէքներով: Իմ շատ սիրելի աշակերտներ, անցնող երկու տարիներուն ընթացքին, մե՛նք միասնաբա՛ր յաղթահարեցինք առօրեայ զանազան դժուարութիւններ՝ յատկապէս համաճարակին՝ COVID-ի պատճառով, բայց միասնաբար դարձանք զօրաւոր մէկ բռունցք եւ սորվեցանք յարմարիլ ու նուաճել կեանքի անսպասելի բարդութիւնները եւ ցաւերը… Ապրի՛ «Փիլիպոսը»ը»:
Ինքնավստահ էր տնօրէնուհին եւ նոյն վստահութիւնը ներշնչեց նաեւ ուսուցչակազմին եւ աշակերտներուն:
Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեան ընթերցեց եւ փոխանցեց Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի հոգեպարար եւ քաջալերող պատգամը եւ օրհնութիւնը՝ նորաբաց վերամուտի մը առիթով:
Ապա, Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեանի բարձր հնչողութեամբ քաջալերական եւ սրտափուխ խորհուրդներով սրահը խայտաց՝ «Միասնութեան շուրջպար բռնենք միասին» հայրենասիրական երգի ընկերակցութեամբ, ընթացիկ տարեշրջանի երկրորդականի եւ մանկապարտէզի շրջանաւարտներու զոյգ քայլերթներով:
Ուխտը միասնական էր, նշանաբանը՝ միասնութիւնն էր:
Օ՛ն յառաջ՝ Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարան: