Հայոց.Առաքելական եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի հիմնադրման 95ամեակի յոբելենական յաղթարշաւը մինչեւ Արիզոնայի տաք անապատները հասած է՝ Սքաթստէյլի Ս․ Աբգար եկեղեցին, որուն ընդարձակ կալուածին վրայ, «Մկրտիչեան Տարեցներու Կեդրոն»ին կից, մասնագիտացուած խնամքի նոր կեդրոն մը վեր պիտի խոյանայ։
Արդիական շինութեան կողքին այս եռայարկ նորակառոյցը իր առանձնասենեակներով եւ 120 անկողիններով պիտի ծառայէ տարբեր աստիճանի մարմնական եւ շարժողական դժուարութիւններ ունեցող տարեցներու, ինչպէս նաեւ՝ յիշողութեան կորուստով տառապողներու։ Անշուշտ, տարեցներու խնամքը պիտի ըլլայ մասնագէտ բժիշկներու եւ անձնակազմի մը հոգատար վերահսկողութեան տակ։
Ս. Աբգար եկեղեցւոյ կից մասնագիտացուած խնամքի այս կեդրոնը մեր քրիստոնէական հաւատքի առհաւատչեան է, պատուիրանապահութեան դրսեւորումը եւ յարգանքի տուրքը մեր տարեց հայրերուն եւ մայրերուն։
Վստահ ենք, որ կարճ ժամանակ ետք, այս հաստատութիւնը պիտի դառնայ բարութեան եւ յոյսի ովասիս Արիզոնայի շրջանին մէջ ոչ միայն հայ համայնքին, այլ նաեւ՝ ուրիշներու համար։
Հազար փառք Աստուծոյ՝ այս մեծ նուաճումին համար։
ԴԻՒԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ