Պատմութիւնը հաւաքական յիշողութիւն է եւ ան ենթահողն է քաղաքական իմաստութեան, դատումի եւ կողմնորոշման: Հանրային կեանքի մէջ, մանաւանդ ղեկավարումի մակարդակին, երբ կը հեռանանք անցեալ եւ անմիջական իմաստութեան այդ ենթահողէն, դուռ կը բանանք (չ)մարգարէութիւններու, պարզապէս խարխափումի, ազգի նաւը յանձնելով տատանումի, եթէ զայն չտանինք աւազախրումի:
Տասնհինգ տարի առաջ, Պոլսոյ «Մարմարա» հայկական օրաթերթի, 15 եւ 17 Մայիս 1991ի համարի վերտառութիւնն էր. «Հայաստան Կարսի առնչութեամբ ներողութիւն խնդրեց», արձագանգելով «Անատոլու» գործակալութեան, ըստ որուն, թրքական թերթերը գրած էին թէ Լեւոն Տէր Պետրոսեան «ներողութիւն խնդրած» էր իր այն յայտարարութեան համար, թէ «Կարսը հայկական հող է»: Այդ օրերուն Լ. Տէր Պետրոսեան Հայաստանի Խորհրդարանի նախագահն էր, իսկ իր խորհրդականն էր Ալեքսանդր Արզումանեան, որ հետագային դարձաւ ՄԱԿի մօտ դեսպան, արտաքին գործոց նախարար եւ հուսկ՝ ՀՀՇի նախագահ: Ալեքսանդր Արզումանեան «մեկնաբանած» էր Լեւոն Տէր Պետրոսեանի յայտարարութիւնը, ըսելով որ «այդ խօսքը Կարսի վրայ իրաւունքներ ունենալ չի նշանակեր… Հայաստան պատմութեան էջերը վերստին գրելու նպատակ չունի»: Օրին, «Կամք» օրաթերթի 14 Յունիս 1991-ի համարով, Մարք Յարութիւնեան ստորագրութեամբ, լոյս տեսաւ յօդուածս՝ «Հայաստան պատմութեան էջերը վերստին գրելու նպատակ չունի» խորագրով: Առեւտրական յարաբերութիւններ ստեղծելու ճամբուն վրայ ապազգային նահանջ մըն էր այդ անձնատուական յայտարարութիւնը: Արդէն բազմիցս ըսուած եւ գրուած էր նաեւ, որ հողակտորը պէտք էր փրկել: Առանց նախապայմաններու Թուրքիոյ հետ երկխօսութիւն ունենալու քաղաքական վարքագիծը, Արեւմտահայաստանի դատը մանրացուց եւ վերածեց ցեղասպանութեան ճանաչման մը բարոյական մխիթարութեան ակնկալութեան: Եւ որովհետեւ «պատմութեան էջերը վերստին գրելու նպատակ չկար», Թուրքիա յաղթականի իր դիրքէն մեկնելով, նոյնիսկ այդ բարոյական մխիթարութիւնը կը մերժէ: Զարմանալի չէ, քանի որ այդպէս է հետեւանքը նահանջի եւ տեղատուութեան տրամաբանութեան:
Տասնհինգ տարի առաջ, ՀՀՇի վարքագիծը անընդունելի կը համարուէր: Բայց եթէ այսօր լսենք, կարդանք, հետեւինք կարծիքներու եւ արտայայտութիւններու, պիտի հաստատենք, տխրութեամբ, որ Հայաստանի մէջ մրցակցութիւնները, «պիզնէս»ը (ուրիշ բան չըսելու համար), արտաքին ճնշումները, հայ քաղաքական միտքն ու նախաձեռնութիւնները կ’առաջնորդեն Ալեքսանդր Արզումանեանի բանաձեւած ուղղութեամբ, ըստ որուն «պատմութեան էջերը վերստին գրելու նպատակ» չկայ: Ան խօսած էր Հայաստանի համար, այսօր Սփիւռքի մէջ կը զարգանայ նոյն միտքը, այսինքն՝ Հայաստանի ամբողջացման հեռանկարը օրակարգ չէ, մաս չի կազմեր նոյնիսկ աւուր պատշաճի խօսքերու, նպարավաճառային այն հաշիւներով, որ եթէ այդ հարցը արծարծենք, Ցեղասպանութեան ճանաչումն անգամ կը խափանուի: Բայց ո՞վ զով կը խաբէ: Միշտ հարց պէտք է տալ, թէ ինչո՞ւ ցեղասպանութիւն գործուեցաւ, եւ պատասխանը մէկ է. հողի համար: Այս հրաժարման համար կը տրուին նաեւ (չ)հիմնաւորումներ, ըստ որոնց հողային պահանջը իմաստ չունի, քանի որ եթէ հողերը տրուին անգամ հոն գացող եւ հաստատուող չ’ըլլար… (կարծէք հողը պիտի տրուի անհատներու եւ ոչ ազգին՝ որպէս հաւաքականութիւն), այդ հողն է որ պիտի ըլլայ ազգահաւաքի պարունակը:
Նոյնքան անհեթեթ է այլ փաստարկ մը, ըստ որուն, եթէ հողերը տրուին անգամ, հոն բնակողները մաս կը կազմեն Հայաստանի, եւ կը խախտեն հայ բնակչութեան հաւասարակշռութիւնը, պատճառ դառնալով նոր աղէտներու: Ի՞նչ կ’ըսէ պամութիւնը. նման պարագաներու տեղի ունեցած է բնակչութեան տեղափոխութիւն:
Դժուար, բայց ոչ անկարելի կարգադրութիւն: Այսօր կրկին հարց կու տանք. «Կարսը հայկական հող է՞, թէ ո»չ: Ոչ միայն Կարսը: Այդ հողերուն վրայ հայ ազգը իրաւունքներ ունի՞, թէ ոչ, ո՞վ պիտի ճշդէ իրաւունքը: Կամ իրաւունքներ ունի հայ ազգը, կամ հրաժարած է անոնցմէ: Բայց ո՞ւր, ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս հայ ազգը որոշած է հրաժարիլ: Ազգի մը իր իրաւունքներէն հրաժարումը ոչ ոք կրնայ որոշել, պատմութեան եւ ժամանակի վերիվայրումներէն եւ անհատներէն անկախ են այդ իրաւունքները: Ոչ թէ պատմութեան էջերը վերստին պէտք է գրել, այլ վերահաստատել իրաւունքը, առանց որուն միջազգային հաւասարակշռութիւնները եւ խաղաղութիւնը կը մնան կեղծիք, կը շարունակուի բիրտ ուժի տիրապետութիւնը:
Ազգային գիտակցութիւն փճացնող «կուրսերը», Հայաստան եւ Սփիւռք, իրենց զանազան արտայայտութիւններով, ապազգային են, ապազգայնացնող, իրաւազրկողներու հետ առարկայական գործակցութիւն: Դեռ կարելի է հայ զանգուածներուն ներշնչել, մակերեսային, զբօսաշրջային եւ «պիզնէս»ային թեթեւսոլիկութենէն անդին, Ցեղասպանութեան ճանաչման բարոյական մխիթարութենէն անդին, հողահաւաքի եւ ազգահաւաքի ազգային ճշմարիտ ուղին, այն ըմբռնումով որ պատմութիւնը սերունդի մը շահերով եւ կեանքի տարիներով չի սահմանափակուիր:
Բռնագրաւեալ Արեւմտահայաստանը հայկական հող է, եւ եթէ մէկ հայ մնայ, որ տէր կանգնի անոր, եւ եթէ զայն Տոն Քիշոթ անգամ կոչենք, ազգը իրաւունքներ պիտի ունենայ այդ գրաւեալ աշխարհին կապակցութեամբ: Սփիւռքը գէթ, որպէս հայրենահանուած հայութիւն, անբարոյութեան մէջ կը խրի, եթէ ինքզինք բանտարկէ Ցեղասպանութեան սոսկ ճանաչման տարազին մէջ, եթէ յուսալքուած ըսէ, որ այդ հողերը տրուին անգամ գացող չ’ըլլար: Հողին վերատիրանալէ ետք ժողովուրդին ունենալիք հակազդեցութեան մասին ոչ ոք կրնայ մարգարէանալ: Մինչ այդ հարկ է կառչիլ ազգ գոյացնող ստորոգելիներուն. լեզու, մշակոյթ, անսեթեւեթ յանձնառութիւն՝ ընդդէմ ամէն կարգի դիւանակալութիւններու եւ ջոջականութեան: