
Սրտի անհուն գոհունակութեամբ եւ բերկրանօք այսու կու գանք յայտնել մերազն հաւատացելոց Հայց. առաքելական Ս. եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմին կողմէ նոր եկեղեցական համալիրի մը ձեռքբերման մասին, որ կը գտնուի հայահոծ Կլենտէյլ քաղաքի սիրտին մէջ:
Օժտուած եկեղեցական շինութեամբ, մարզասրահով, դպրոցով, պուրակով եւ այլ յարակից շինութիւններով՝ այս համալիրը պիտի դառնայ բաբախուն սիրտը մեր համայնքի եւ հոգայ ժողովուրդի հոգեւոր, կրթական, մշակութային, մարզական եւ ընկերային կարիքները:
Ի շարս բազմաթիւ եկեղեցական-համայնքային կառոյցներու, հոս պիտի հաստատուի նաեւ երիտասարդական կեդրոն մը՝ մասնաւոր ուշադրութեան եւ գուրգուրանքի արժանացնելով մեր երիտասարդ պարման-պարմանուհիները:
Կիրակնօրեայ եւ շաբաթօրեայ դպրոցներով՝ նպատակ ունինք զարկ տալու մեր մանուկներու հոգեւոր եւ հայեցի կրթութեան, ինչպէս նաեւ՝ հայկական ինքնութեան ամրապնդման:
Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի 95ամեակին առիթվ այս ձեռքբերումը լաւագոյն նուէրն է մեր թեմին եւ ժողովուրդին, որ կու գայ վառ պահելու տեսիլքը լուսաւոր եւ հեռատես այն հիմնադիրներուն, զորս հաստատեցին հիմերը այս սրբազան հաստատութեան Խաղաղականի ասպնջական այս ափերուն, 1927ին:
Երախտապարտ ենք Աստուծոյ այս մեծ օրհնութեան համար եւ այն խոստմնալից ապագային, որ վառ գոյներով կ՛առկայծէ հորիզոնին:
ԴԻՒԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ