
ԱՐԱԳ ՆՇՄԱՐՆԵՐ
Կէս Լուրջ Կէս Կատակ
Խորհրդային Ռուսիոյ վարչապետ Պ. Նիքոլա (Վլատիմիր պէտք է ըլլայ։ Լենինի մեծ հօր անունը Նիքոլա էր-Խմբ.) Լէնին տասներկուերորդ անգամն ըլլալով անկողնոյ կը ծառայէ։ Վերջերս մասնագէտ բժիշկներ այս պարագան լուրջ քննութեան ենթարկելով, գտած են, որ Պ. Լէնինին քրոնիկ (մնայուն) այս հիւանդութիւնը խորհրդային կարգերու քաղաքական եւ տնտեսական վատառողջ դրութեան հետեւանք է։
***
Ճենովայի եւ Լա Հէյի խորհրդաժողովներուն պատճառով օփիումին (աֆիոն) արժէքը տասնապատիկ սղած է, ինչու որ Անգլիա բաւական մեծ քանակութեամբ գործածեց անկէ, թմրեցնելու համար շարք մը աղմկարար պատուիրակներ եւ մասնաւորաբար ռուսերը եւ այդ պատճառով ալ Պ. Չիչերին, դեռ Մոսկուա չհասած, Պերլինի մէջ թմրութիւն եկաւ վրան ու հիւանդացաւ։
***
Ոմանք կը կարծեն, թէ երբ Ռուսիոյ եկեղեցապատկան հարստութիւններն ալ գրաւուելով ծախսուին, խորհրդային կարգերու վերջաւորութիւնը կը մօտենայ, որովհետեւ հրեաները Ռուսիոյ մէջ այլեւս շահագործուելիք ապրանք չգտնալով, ազատ պիտի ձգեն խեղճ ռուս ժողովուրդը։
***
Վերջերս Թիֆլիսի մէջ սպաննուած Ճէմալ փաշայի կորուստը մեծ ցաւ պատճառած է բոլոր կարմիրներուն եւ այդ պատճառով ալ բազմաթիւ ցաւակցական հեռագիրներ զարնուած են Էնկիւրի (Անգարայի հին անունը-Խմբ.), այս մեծ կարմիր փաշային կորուստը ողբացող։
Հայաստանի պոլշեւիկներու արտաքին գործավար Մռաւեան նոյնպէս հայ կարմիրներու զգացմանց թարգման հանդիսանալով, արեւելեան բանակի ընդհանուր հրամանատարութեան հեռագրով մը իր վիշտը յայտնած է։
Սեպտեմբեր 5, 1922, թիւ 885