

Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 5րդ հանգրուանի մրցումներուն, «Քէօլն»ը, որ հիւրը եղաւ «Վոլֆսպուրկ»ին, արձանագրեց 4-2 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Յաղթական կազմին չորրորդ կօլը նշանակեց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Սարգիս Ադամեան՝ 81րդ վայրկեանին:
Միւս կողմէ, Սլովաքիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 9րդ հանգրուանի մրցումներուն, «Սլովան»ը, որ հիւրը եղաւ «Տուքլա Պանսքա Պիսթրիքա»ին, արձանագրեց 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը:
«Սլովան»ի այս յաղթանակը կերտողը հանդիսացաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Տիգրան Բարսեղեան՝ 65րդ վայրկեանին նշանակուած իր կօլով:
Նշենք, որ «Սլովան»ը Եւրոպայի «Քոնֆըրընս Լիկ» մրցաշարքին գծով, որ տեղի պիտի ունենայ խմբակներու դրութեամբ, պիտի ըլլայ Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան Երեւանի «Փիւնիկ»ի մրցակիցը: Ը. խմբակին մէջ են նաեւ «Պալ»ը (Զուիցերիա) եւ «Զալկիրիս»ը (Լիթուանիա):
Նաեւ, Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 5րդ հանգրուանի գագաթի ճակատումը իրարու դէմ հանեց երկրի ախոյեան «Ա. Սէ. Միլան»ը եւ փոխախոյեան «Ինթեր Միլան»ը. խաղը աւարտեցաւ ախոյեանին յաղթանակով, 3-2 արդիւնքով:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին խմբապետ Հենրիկ Մխիթարեան, որ քանի մը շաբաթ դաշտերէն հեռու կը մնար վիրաւորուոած ըլլալուն պատճառով, «Ինթեր»ի կազմէն դաշտ ներկայացաւ 63րդ վայրկեանին: